Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 7 անգամ «Ոսկեայ գնդակ»-ին տիրացած, աշխարհի նորընծայ ախոյեան, ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի եւ 5 անգամ «Ոսկեայ գնդակ»-ին տիրացած, Եւրոպայի ախոյեան, Սէուտական Արաբիոյ Նասըր խումբին նորեկ, փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 2020-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով դարձեալ մրցեցան իրարու դէմ:
Սէուտական Արաբիոյ Ռիատ քաղաքի Ֆահտ թագաւորի անուան միջազգային մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին ընթացքին, Փարիզ Սեն Ժերմեն 5-4 արդիւնքով յաղթեց Սէուտական Արաբիոյ Հիլալ եւ Նասըր ակումբներու աստղերէն կազմուած խումբին, որուն խմբապետն էր Ռոնալտօ:
Մրցումին հաշիւը բացաւ 35 տարեկան Մեսսի, մինչ 37 տարեկան Ռոնալտօ նշանակեց արաբական խումբին առաջին երկու կոլերը (մէկը` փենալթիով), ինչպէս նաեւ ճանչցուեցաւ մրցումին լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Փարիզեան կազմին մնացեալ կոլերը նշանակեցին Մարքինիոս, Սերճիօ Ռամոս, Քիլիան Էմպափէ (փենալթիով) եւ Հիւկօ Էքիթիքէ:
Անոնց խմբակից Նէյմար փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել, մինչ անոր կազմը մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, Խուան Պերնաթի կարմիր քարտ ստանալէն ետք:
Նշենք, որ դեկտեմբեր 2022-ին Նասըրի հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած Ռոնալտօ ցարդ իր նորամուտը չէ նշած անոր հետ:


