Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հերթական Հանդիպում

January 20, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 19 յունուար 2023-ին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչները գումարեցին հերթական նիստ մը, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ:

Հանդիպումի միակ օրակարգը Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ իրագործուող ահաբեկչական գործընթացի խորացման քննարկումն էր` նկատի ունենալով, որ Արցախի շրջափակումը եւ մարդկային կենսական անհրաժեշտութիւններու ապահովումը սկսած են այլեւս մարդասիրական աղէտը աւելի խորացնելու առաջնորդել:

Ժողովը հաստատեց, որ ահաբեկչական պետութեան կողմէ կը խախտուին միջազգային իրաւունքի բոլոր օրէնքներն ու մարդկային իրաւանց կանոնները, ցեղասպանական նոր արհաւիրքի մը դիմաց դնելով ամբողջ Արցախի բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ հայաթափման վտանգը խորացնելով ու արմատացնելով:

Կլիմայական արդէն իսկ ծանր վիճակի մատնուած, ելեկտրականութենէ, կազէ եւ կենսական սննդամթերքէ Արցախը զրկելու ազրպէյճանական  ահաբեկչական վարքագիծը, ինչպէս նաեւ բնապահպանական կեղծ պատրուակով, Հայաստանի ու Արցախի միջեւ կապը արգիլելու ու Արցախի շրջափակումը խորացնելու, զայն մեկուսացնելու սադրանքը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ Արցախը ամբողջականօրէն Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ առնելու եւ անոր ժողովրդագրական պատկերը խեղաթիւրելու յատուկ ռազմավարութիւն:

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները այս առիթով կը պահանջեն միջազգային ընտանիքէն ամենախիստ ճնշամիջոցները գործադրել` կասեցնելու համար Ազրպէյճանի կողմէ ծրագրուած ցեղասպանական այս նոր քաղաքականութիւնը: Անոնք անհրաժեշտ կը գտնեն հայկական միասնական գործօնի անյապաղ դրսեւորումը, որպէսզի կարելի ըլլայ համահայկական միասնական ճիգերով փրկել Արցախը բնաջնջումէ:

Ժողովը կ՛ողջունէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառի հրապարակած` ի խնդիր Արցախի պաշտպանութեան զօրաշարժի կոչը, եւ կը վերահաստատէ լիբանանահայութեան ամբողջական պատրաստակամութիւնն ու զօրակցութիւնը արցախահայութեան նուիրական ու անկորնչելի իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր:

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները կոչ կ՛ուղղեն լիբանանահայութեան, որ չորեքշաբթի, 25 յունուար 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ 2:00, դադրեցնեն ամէն տեսակի գործ, աշխատանք ու դասապահ եւ բոլորը միահամուռ շարքերով համախմբուին Պուրճ Համուտի հրապարակի կողքին, «Արին» կեդրոնի դիմաց, իրենց համընդհանուր բողոքի ձայնը բարձրացնելու համար Ազրպէյճանի կողմէ իրագործուող հայաթափման քաղաքականութեան դէմ ու ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելու Արցախ  աշխարհին: Հետեւաբար` բոլորիս ժամադրավայրը չորեքշաբթի, ժամը 12:00-ին, Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին դիմացն է:

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները որոշեցին իրենց նիստը բաց պահել եւ հետեւիլ յառաջիկայ իրադարձութեանց ու զարգացումներուն` համապատասխան արժեւորումը կատարելու ու լիբանանահայութեան զօրակցութիւնը ապահովելու համահայկական այս հիմնախնդիրին մէջ:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Յանձնախումբի Նախագահը Կոչ Կ՛ուղղէ` Բանալու Բերձորի Միջանցքը

Յաջորդը

Ազատի Զօրամասի Կացարանին Մէջ Բռնկած Հրդեհէն Զոհուած Է 15 Զինուոր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.