Չորեքշաբթի, 18 յունուար 2023-ին, կաթողիկոսանիստ վանք այցելեց իսլամ սիւննի ու շիի կրօնականներու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւնը եւ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:
Պատուիրակութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ազգին նկատմամբ` շեշտելով Բերձորի միջանցքը բանալու անհրաժեշտութիւնը` մարդասիրական մտահոգութենէ մեկնած: Ան նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց վեհափառ հայրապետին քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան գծով կատարած աշխատանքներուն համար:
Վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով Արցախի հարցին` կարեւորութեամբ յիշեցուց, թէ ան կրօնական հարց չէ, այլ ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքի պահանջն է, եւ, հետեւաբար, թէ՛ քրիստոնէութիւնը եւ թէ՛ իսլամութիւնը արդարութեան ու իրաւունքին հետ եղած են միշտ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ ընդգծեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ծիրը աւելի ընդլայնելու ու այժմէական հարցեր քննարկելու կարեւորութիւնը:


