Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Հակասահմանադրական Իր Երկրորդ Նիստը

January 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ այն իրականութեան, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահին շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու ոչ մէկ փորձ արձանագրուած է եւ ոչ մէկ նշոյլ կարելի է նշմարել, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորրհդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան, որ պիտի գումարուի վաղը` հինգշաբթի, 19 յունուար 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Միւս կողմէ, ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը այսօր` չորեքշաբթի, 18 յունուար 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 8 կէտերէ բաղկացող օրակարգ մը:

Կառավարութեան նիստին հակասահմանադրական եւ ապօրինի ըլլալու իրականութեան մասին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց նկարահանուած տեսերիզ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ գործադիր իշխանութիւնը դարձեալ կը սպաննէ Ազգային ուխտն ու սահմանադրութիւնը` ստեղծելով կառավարութեան նիստ մը գումարելու պատճառաբանութիւն մը, որ այս անգամ կը վերաբերի ելեկտրականութեան:

«Մինչդեռ նման որոշումներ տալու սահմանադրական այլ լուծումներ գոյութիւն ունին, յատկապէս շրջուն հրամանագիրներ ստորագրելու դրութիւնը, որ հազար անգամ կրկնուած է 2014-2016 ժամանակաշրջանին տիրած սահմանադրական դատարկութեան փուլին: Օրին համախոհութիւն կար բոլորին միջեւ, թէ այդ է միակ լուծումը սահմանադրութիւնն ու ազգային համագործակցութիւնը յարգելու իմաստով, իսկ այսօր ոչ ոք հետաքրքրուած է սահմանադրութեամբ եւ համագործակցութեամբ: Իսկ ինչի՞ համար է այս բոլորը. ելեկտրականութեան համար», ըսաւ Պասիլ:

Ան աւելցուց, որ այսօր անոնք ելեկտրականութիւն կը փափաքին ունենալ, եւ այդ պատճառով ալ վառելանիւթ փոխադրող 4 նաւերէն երկուքին համար գումար կը տրամադրեն, «մինչդեռ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ անոնց ուղարկած է վեց շրջուն հրամանագիրներ, որոնց վաւերացումէն ետք ելեկտրականութեան մարզի բարելաւման ամբողջ ծրագիրին գործադրութիւնը կը սկսի», նշեց ան:

Պասիլ հաստատեց, որ ստախօսութեան կառչածութիւնը, սահմանադրութիւնն ու Ազգային ուխտը շրջանցելը, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը ձախողեցնելը պիտի խորացնէ ազգային բաժանումի վիհը եւ հաւասարակշռութիւններն ու փոխըմբռնումները հարուածելէ շատ աւելի լուրջ պայմաններ պիտի ստեղծէ:

Նշենք նաեւ, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան խախտումին մասին կատարուած զգուշացումները կը մնան առկայ, իսկ բանակի հրամանատարութիւնը կը հաստատէ, որ ճամբաները փակելու երեւոյթը կարմիր գիծ է, եւ բանակի հրամանատարութիւնը այս իմաստով կարծր եւ խիստ կեցուածք որդեգրած է` պաշտպանելու համար երկրին ապահովութիւնը:

 

Նախորդը

Պու Սաապ. «Պետութիւնը Պէտք Է Կրէ Բեռը, Իսկ Քեփիթըլ Քոնթրոլի Առումով Վերջնական Տարբերակի Յանգեցանք»

Յաջորդը

«Կրթամշակութային Կեանքն Արցախում» Եւ «Հայաստանը Եւ Տարածաշրջանը» Հատորներու Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.