Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ. «Մեր Եւ Պասիլի Միջեւ Հանրապետութեան Նախագահութեան Միացեալ Թեկնածու Պիտի Չըլլայ»

January 17, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժերը պիտի չխանգարեն նախագահական ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք միշտ ալ պիտի քուէարկեն ի նպաստ առաջադրուած թեկնածու, երեսփոխան Միշել Մուաուատի, բացի եթէ կարենան գտնել թեկնածու մը, որուն շուրջ համախոհութիւն կը գոյանայ:

Ան նշեց, որ Նեպիհ Պըրրի 65 քուէներով խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ, եւ իրենք զայն իբրեւ խորհրդարանի նախագահ ճանչցան:

Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանրապետութեան նախագահութեան միացեալ թեկնածու պիտի չըլլայ` աւելցնելով, որ Պասիլի առաջարկելիք բոլոր թեկնածուները կը նպատակադրեն իրենց անունները այրել:

Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն Մարատայի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն հանրապետութեան նախագահ ընտրել, որովհետեւ ան դիմադրութեան առանցքը կը ներկայացնէ: «Կը մերժենք Լիբանանի օրինականութեան վրայ Հըզպալլայի բանեցուցած հակակշիռը եւ անոր գործելաոճը, որ շարունակուելու եւ Հըզպալլայի մօտիկ նախագահի մը ընտրութեան պարագային, մեզի պիտի մղէ վերատեսութեան ենթարկել քաղաքական մեր գործունէութիւնը, որուն մասին օրին պիտի յայտարարենք: Մենք կը մերժենք, որ լիբանանցիներուն ճակատագիրը ուղղակիօրէն կապուած ըլլայ Իրանի շահերուն, եւ պիտի չարտօնենք, որ ներկայիս տիրող կացութիւնը շարունակուի», ըսաւ ան:

Ժահժահ յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ այսօրուան տարակարծութիւնները շահերու հետ կապուած է` աւելցնելով, որ ինք անհաւանական կը գտնէ, որ անոնցմէ մէկը վերջ տայ Մար Մըխայէլի փոխըմբռնումի համաձայնագիրին, որովհետեւ իրարու լքելու պատրաստ չեն:

Ան նկատել տուաւ, որ առանց իսկական պետութեան եւ պետական այրերու Լիբանանը կարելի պիտի չըլլայ փրկել: «Մենք կը մերժենք Հըզպալլայի իշխանութեան տակ գտնուիլ ու ապրիլ, իսկ կեցուածքներու զէնքը աշխարհի մէջ տակաւին ամէնէն հզօրը կը մնայ», յայտնեց ան:

Ժահժահ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի թղթածրարին նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ մօտեցումը լրիւ փոխուած է` աւելցնելով, որ Ռիատ նախագահական ընտրութեան թեկնածու չունի եւ լիբանանեան հարցերուն միջամուխ չի դառնար, «սակայն որոշ անձնաւորութիւններու անուններուն շուրջ սէուտական վեթօ գոյութիւն ունի», շեշտեց ան:

Կառավարութեան նիստ մը գումարելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք համաձայն են, որ կառավարութիւնը նիստ մը գումարէ` անոր քննարկելիք օրակարգին համաձայն: «Չեմ կարծեր, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան գումարելիք նիստը քրիստոնեաներուն դէմ պատերազմ է, այլ` անիկա Պասիլի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի շահերուն բախումն է: Կայ յստակ սահմանադրութիւն, որ ճշդած է ընթացիկ հարցերու կառավարութեան աշխատանքը եւ ընդգծած, որ անիկա կրնայ նիստ գումարել, երբ պայմանները շատ վատ են», աւելցուց ան:

 

Նախորդը

Ֆայեատ. «Առաջադրելիք Նախաձեռնութիւնս Ամբողջական Է Եւ Կարիքը Ունի Վարչապետին Ու Բոլոր Նախարարներուն Վաւերացումին»

Յաջորդը

Ուիլիըմ Նուն Եւ Փիթըր Պու Սաապ Հարցաքննութեան Ենթարկուեցան

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.