Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան
թեմակալ առաջնորդներուն,
հոգեւոր դասուն,
Ազգային իշխանութեանց եւ
մեր ժողովուրդի զաւակներուն
2023 տարուան սեմին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք` Ազգային Ընդհանուր ժողովը, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, միա-բանութիւնը, թեմակալ առաջնորդներն ու Ազգային իշխանութիւնները, մեր կեանքին մէջ գործող քաղաքական, կրթական, մշակութային, բարեսիրական եւ համայնքային միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ` մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ բացուող Նոր տարին մեր անհատական, ընտանեկան եւ ազգային կեանքին մէջ լեցուի առողջութեան, յաջողութեան եւ երջանկութեան երկնային բարիքներով:
* * *
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, անցնող տարին` 2022-ը, հայրապետական հռչակագիրով յայտարարեցինք «Սփիւռքի տարի»: Անդրադառնալով սփիւռքի պարզած ներկայ վիճակին եւ այն հիմնական դրդապատճառներուն, որոնք Մեզ մղեցին 2022 տարին հռչակելու «Սփիւռքի տարի», հռչակագիրին մէջ հետեւեալ հաստատումը կատարեցինք.
«Հայօրէն մաշումի ենթակայ սփիւռքը տեղ մը անորոշութեան ալիքներու մէջ կ՛օրօրուի, այլ տեղ փոթորիկներու դէմ կը պայքարի. տեղ մը նոր ինքնութեան փնտռտուքի մէջ է, այլ տեղ տեղայնացումի արագ ընթացքին մէջ է: Հետեւաբար այս կացութեան դիմաց սփիւռքի վերակազմակերպումը ու վերակենսաւորումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Այս բազմատարած ու բազմերես ծրագիրը իր գործնական ընթացքը կրնայ առնել նախ սփիւռքի ինքնաքննութեամբ, ինքնարժեւորումով եւ ազգի համայնական կեանքին մէջ անոր իւրայատուկ տեղին ու դերին յստակեցումով: Այս հսկայածաւալ աշխատանքին հարկ է լծուիլ այսօ՛ր. վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ աշխարհի արմատական ու արագ փոփոխութիւններու յորձանուտին մէջ ապրող սփիւռքին համար»: Ապա, մեկնելով սփիւռքի պարզած անորոշ ու մտահոգիչ կացութենէն, շեշտեցինք, թէ` «Անորոշութիւններով ու տագնապներով լեցուն սփիւռքի ներկայ իրավիճակը մեր եկեղեցին, մեր ղեկավար մարմինները ու մտաւորականները պէտք է մղէ իրապաշտ ոգիով, պատասխանատու մօտեցումով ու համապարփակ տեսլականով տագնապելու, մտածելու, քննելու, խորհրդակցելու եւ մանաւանդ սփիւռքի ներկան վերակազմակերպելու ու անոր ապագան հունաւորող ճիշդ ճամբաներ եւ ազդու միջոցներ որոնելու»:
Արդարեւ, անցնող տարուան ընթացքին սփիւռքի ներկայ գոյավիճակին ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ յօդուածներու, ուսումնասիրութիւններու, դասախօսութիւններու ու սեմինարներու ճամբով արտայայտուած մտահոգութիւնները, ներկայացուած մատնանշումները ու կատարուած վերլուծումները փաստօրէն վերաշեշտեցին հայրապետական հռչակագիրով Մեր կատարած ընդգծումները եւ յատկապէս` սփիւռքը իր ներկայ վիճակէն դուրս բերելու եւ վերակազմակերպման առաջնորդելու անյետա-ձգելի հրամայականը:
Հետեւաբար, մէկ կողմէն նկատի ունենալով սկսած քննարկումներու շարունակման կարեւորութիւնը եւ, միւս կողմէն, քննարկումներէ անդին, գործադրութեան հեռանկարներուն եւ միջոցներուն յստակեցման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս` թեմերու շրջագիծին մէջ, ներկայ հայրապետական գիրով 2023 տարին դարձեալ կը հռչակենք
ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ (Բ.)
(Ինքնաքննութենէ` վերակազմակերպում)
շեշտաւորումով: Մեր սպասումն է, որ առանց անտեսելու ինքնաքննութեան յոյժ կարեւորութիւնը` ներկայ տարուան ընթացքին գործնական քայլեր առնուին եւ ծրագիրներ մշակուին, մասնաւորաբար` թեմական շրջագիծին մէջ:
Ի՞նչ Կատարուեցաւ Սփիւռքի Տարուան Ընթացքին
Խոր գոհունակութեամբ կ՛ուզենք հաստատել, թէ` «Սփիւռքի տարի»-ի հռչակումը լայն արձագանգ գտաւ ակադեմական, մտաւորական, մամուլի եւ երիտասարդական շրջանակներէն ներս: Անցնող տարուան ընթացքին յաջորդաբար հինգ առիթներով առցանց հանդիպումներ տեղի ունեցան սփիւռքի հարցերուն ծանօթ մասնագէտներու, մտաւորականներու, տեղեկատուական մարզի մասնագէտներու եւ երիտասարդներու հետ: Այս հանդիպումներու ընթացքին արծարծուեցան ու քննարկուեցան շարք մը այժմէական խնդիրներ, կատարուեցան առաջարկներ: Կաթողիկոսարանի նախաձեռնութեամբ կայացած յիշեալ հանդիպումներու ընթացքին եղած քննարկումներուն ներկայացուցած կարեւորութիւնը նկատի առնելով, շահեկան կը նկատենք ընդհանուր գիծերով անդրադառնալ անոնցմէ իւրաքանչիւրին.
Ա) Առաջին հանդիպումին, բացման Մեր խօսքին մէջ, պարզելէ ետք «Սփիւռքի տարի» հռչակելու շարժառիթները, ընդհանուր գծերով անդրադարձանք նոր ձեւաւորուող եւ յարափոփոխ սփիւռքեան միջավայրերու իրավիճակներուն իւրայատկութիւններուն եւ տարբեր բնագաւառներու մէջ գործող աւանդական կառոյցներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Յատկապէս շեշտեցինք ինքնութեան վերաբերող հիմնահարցերը: Ապա մասնակիցները ներկայացուցին հետեւեալ խնդիրները.
– Համեմատական սփիւռքագիտութեան օգտագործումը,
– Ինքնութեան խնդիրներու քննարկման տարբեր միջոցներու որդեգրումը,
– Մեր կառոյցներէն հեռու սփիւռքեան գոյավիճակներու հասանելիութեան միջոցներու որոնումը,
– Սփիւռքեան հարցերու ոլորտային մասնագիտական քննարկումներու ձեւաչափերուն ճշդումը,
– Ըստ միջավայրի եւ իւրայատկութիւններու նկատառումներով ներգրաւման տարբեր ռազմավարութիւններու մշակումը,
– Ցանցային դրուածքի լիարժէք օգտագործման կարելիութիւններու ուսումնասիրութիւնը,
– Համացանցային տարածքներու վրայ համախմբումներու յառաջացումը,
– Սփիւռքի մարդուժի եւ կարողականութեան ցանկագրումի եւ հաւաքագրումի աշխատանքին կարեւորութիւնը,
– Երիտասարդութեան ուղղութեամբ թիրախային ծրագիրներ մշակելու հրամայականը,
– Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք կապերու ամրապնդման նոր հայեցակարգերու պատրաստութիւնը,
Վերոյիշեալ խնդիրներուն իրապաշտ, համապարփակ ու խորքային քննարկումը նկատուեցաւ որպէս անհրաժեշտ մեկնակէտ` սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթացին:
Բ) Խորհրդակցութիւններու երկրորդ հանդիպումի բացման Մեր խօսքով ընդգծեցինք հետեւեալ կէտերը.
– Արդեօք սփիւռքը պատրա՞ստ է վերակազմակերպուելու:
– Իրապաշտ արժեւորումի անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ մեկնակէտ հարցերու դիմագրաւման եւ լուծման եղանակներու ճշդումին:
– Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներու ծրագրաւորումի գործընթացի մշակումը: Այս ծիրին մէջ յոյժ կարեւոր նկատուեցաւ եկեղեցւոյ եւ անոր շուրջ գործող մարմիններուն, միութիւններուն եւ աւանդական կառոյցներուն դերը:
– Նոր օրակարգերու ճշդումի հրատապութիւնը, ի հարկին, կառոյց, համակարգ, մեթոտաբանութիւն եւ կանոնագրութիւններ բարեփոխելու սկզբունքը:
Ապա քննարկումը կեդրոնացաւ երեք հիմնահարցերու վրայ` որպէս ուղենիշ հետագայ աշխատանքներուն. հաւաքական արժէքներ, ինքնութիւն եւ մասնակցութիւն:
Գ) Խորհրդակցութիւններու երրորդ հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին խումբ մը երիտասարդներ, որոնք գործօն դերակատարութիւն ունին իրենց գաղութներու կեանքին մէջ:
Առաջին հերթին Մենք դրուատեցինք երիտասարդներուն դրական ներգրաւուածութիւնը իրենց գաղութներու կեանքին մէջ եւ նախանձախնդրութիւնը` գաղութներու վերանորոգման, ընդգծելով, որ ընկերութիւն մը չի կրնար յառաջդիմել առանց երիտասարդութեան, որովհետեւ երիտասարդութիւնը ընկերութեան աւիշն է ու ներկան եւ ո՛չ միայն ապագան: Պարզեցինք սփիւռքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ շեշտեցինք վերարժեւորման ու վերակազմակերպման աշխատանքներուն հրամայականը` երիտասարդներուն գործօն մասնակցութեամբ: Նկատի ունենալով, որ սփիւռքը թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջացած է եւ թէ՛ Հայաստանի տնտեսական տագնապէն մղուած արտագաղթած հայորդիներէ բաղկացած, յիշեցուցինք թէ՛ սփիւռքը մնայուն շարժումի մէջ է: Հետեւաբար ճիշդ չէ ընդհանրական մօտեցումներով քննել եւ արժեւորել սփիւռքը, միաժամանակ շեշտելով, որ գաղութներուն միջեւ հասարակաց գիծը հայկական ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնն է: Քաջալերեցինք, որ երիտասարդութիւնը հետեւողի կրաւորական դերէն դուրս գայ ու ինքզինք տեսնէ մասնակցող գործօն դերին մէջ: Վերջապէս, յիշեցուցինք, որ առցանց այս խորհրդակցութեան նպատակն է լսել երիտասարդները, իմանալ անոնց դժուարութիւնները, ակնկալութիւնները եւ մանաւանդ անոնց տեսակէտները` համաշխարհայնացած աշխարհին ու անցանկապատ ընկերութեան մէջ մեր ինքնութիւնը առողջ պահելու միջոցներուն մասին:
Ապա, յաջորդաբար երիտասարդները անդրադարձան զիրենք յուզող հարցերուն: Անոնք դրին` մայրենի լեզուին օգտագործման նուազումին եւ օտար լեզուամտածողութեան հարցը, ուղղագրութեան անբաւարար իմացութեան պատճառով առցանց հաղորդակցութեան մէջ լատինատառ գրելու հակումը, ընկերային ցանցերու վրայ Հայաստան-սփիւռք յաճախ զիրար չհասկնալու պատճառով զիրար հակասելու երեւոյթը, օտար վարժարան յաճախելու անպատեհութիւնները, արհեստագիտութեան անբաւարար օգտագործումը, երիտասարդութեան մէջ ինքնաճանաչման վերաշեշտումը, արցախեան վերջին պատերազմի պատճառով երիտասարդութեան մէջ յուսալքման հոգեվիճակը, ղեկավարութիւն-երիտասարդութիւն յարաբերութիւններու առնչուած խնդիրները եւ տնտեսական իրավիճակի պատճառով գաղութը լքելու հարցը: Յիշեալ նիւթերու քննարկումներուն լոյսին տակ երիտասարդները նաեւ պարզեցին իրենց առաջարկները` կրթական, կազմակերպչական, արհեստագիտական եւ եկեղեցական մարզերու կապուած: Լսելէ ետք մեր երիտասարդները, Մենք բարձր գնահատեցինք անոնց շինիչ ներդրումը եւ շեշտեցինք, որ այսօր չենք կրնար խուսափիլ համաշխարհայնացման մշակոյթէն. սակայն այս իրողութեան դիմաց հարկ է կառչիլ մեր ինքնութեան, որ հիմնուած պէտք է ըլլայ արժէքներու եւ խարսխուած` իտէալներու վրայ: Անհրաժեշտ է մտածել այնպիսի հաւաքական արժէքներու համակարգ մը յառա-ջացնելու մասին, որ ո՛չ հեռացնէ մեզ ներկայ ընկերութենէն եւ ո՛չ ալ կղզիացնէ, այլ զիրար հարստացնող ներքին յարակցութիւն մը ստեղծէ երկուքին միջեւ:
Դ) Չորրորդ հանդիպումը յատկացուած էր տեղեկատուական մարզին: Ընդհանուր գծերով պարզելէ ետք տեղեկատուական մարզի կարեւորութիւնը սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ, մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը ներկայացուց մասնագիտական զեկոյց մը, եւ ապա տեղի ունեցաւ լայն քննարկում: Լուսարձակի տակ առնուեցան մասնաւորաբար հետեւեալ կէտերը.
– Տուեալներու հաւաքագրումը խիստ կենսական է սփիւռքի գոյքագրման եւ մասնագիտական մարդուժի ցուցակագրման աշխատանքին համար:
– «Չիփեր»-ու այսօրուան արտադրութեան ճարտարագիտութիւնը հիմնուած է ծաւալի փոքրացման, բազմապատկուած տուեալներու ներառման եւ արագութեան բազմապատկութեան սկզբունքներուն վրայ: Հայկական տեղեկագիտական գործօնը այս նոր ուղղութիւնը նկատի պէտք է ունենայ իր ցանցային աշխատանքները կազմակերպելու ընթացքին:
– Այսօրուան աշխարհակարգը կ՛աշխատի ապակեդրոն, ապամեկուսացուող եւ անվերջ նորացուող դրութիւններով: Մեր աշխատանքներուն մէջ հարկ է այս աշխատակարգն ու գործելաոճը նկատի ունենալ` յատկապէս մեր դասական կառոյցներէն դուրս գտնուող զանգուածներուն հետ կապ հաստատելու համար:
Ե) Հինգերորդ հանդիպման նպատակն էր ամփոփել ցարդ կատարուած քննարկումներուն հիմնական մտքերը եւ գործնական մօտեցումով ճշդել յառաջիկայ քայլերը: Մեր թելադրութեամբ նկատի առնուեցան առանցքային երեք ուղղութիւններ. ախտաճանաչում, հակազդեցութիւն ու գործընթաց: Ապա պարզեցինք այն յատկանշական երեւոյթներն ու կատարուած առաջարկները` քաղուած թէ՛ առցանց հանդիպումներէն եւ թէ՛ ընդհանրապէս «Սփիւռքի տարի»-ի առիթով գրուած յօդուածներէն: Յիշեցուցինք, որ սփիւռքը ներկայ գոյավիճակէն դուրս բերելու հրամայականը դարձած է հաւաքական մտահոգութիւն ու գոյութենական խնդիր: Յստակօրէն նշմարելի է երիտասարդութեան մօտեցումը, որ անյետաձգելի կը նկատէ սփիւռքի վերակազմակերպումը, այլապէս կրնայ աւելի խորանալ անջրպետը երիտասարդութեան եւ սփիւռքահայ կեանքին միջեւ: Ընդգծեցինք նաեւ, որ «Սփիւռքի տարի»-ի նպատակը ակադեմական ուսումնասիրութիւն մը պատրաստելը չէ, այլ տարբեր մարզերու վերարժեւորումի ու վերանորոգումի աշխատանքներուն համար շօշափելի տուեալներու վրայ հիմնուած ծրագիր մշակել ու գործընթաց ճշդել է:
Զ) Ազգ. Ընդհ. ժողովին ուղղած Մեր պատգամին, ինչպէս նաեւ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրներուն մէջ լայն տեղ յատկացուած էր սփիւռքի վերակազմակերպման: Ժողովը իր կարգին առանձին նիստով ու լայն քննարկումով շեշտեց սփիւռքի վերակազմակերպման յոյժ կարեւորութիւնը եւ այդ գործընթացին սկիզբ տալու անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորաբար` թեմերուն կողմէ:
Արդարեւ, «Սփիւռքի տարի»-ի առիթով տեղի ունեցած քննարկումները, գրաւոր թէ առցանց, պարզեցին հասարակաց նո՛յն մտահոգութիւնները, թէ` սփիւռքը հայօրէն արագ մաշումի ընթացքի մէջ է, մեր կառոյցները սկսած են կորսնցնել իրենց այժմէականութիւնը եւ, հետեւաբար, անհրաժեշտ է սփիւռքի վերակենսաւորումը մեր կեանքը շրջապատող ներկայ պայմաններուն ու իրականութիւններուն լոյսին տակ: Արդարեւ, յատկապէս անցնող տարուան ընթացքին այս բոլորին ականատես ու ականջալուր ըլլալէ ետք, եկանք այն համոզման, որ սփիւռքի գծով արտայայտուած հաւաքական մտահոգութիւնը այնքան խոր է, եւ կատարուելիք աշխատանքին ծաւալը այնքան մեծ ու անոր յստակեցումը` այնքան էական, որ կարելի չէ այս բոլորը խտացնել մէկ տարուան ժամանակամիջոցին մէջ: Հետեւաբար անհրաժեշտ է այս ուղղութեամբ կատարուող քննարկումները շարունակել` մասնակցութեամբ թեմական ու համայնքային ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու, կառոյցներու պատասխանատուներու ու զանազան մարզերու մասնագէտներու` քննարկումներէ դէպի վերակազմակերպում ուղղուելու հեռանկարով:
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1 յունուար, 2023
Անթիլիաս, Լիբանան
(Շար. 1)


