Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանի Մնայուն Զեկուցողը Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Է Անյապաղ Դադրեցնելու Բերձորի Միջանցքի Փակումը

January 16, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Ազրպէյճանի հարցով մնայուն զեկուցող Ժելիանա Զովքօ հրապարակած է յայտարարութիւն մը` Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ ուղղելով գործի դնելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` Բերձորի միջանցքի փակումը անյապաղ դադրեցնելու համար:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւրոպական համարկման հարցերու յանձնախումբի քարտուղարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ յայտարարութեան մէջ նշուած է.

«Ես լրջօրէն մտահոգ եմ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքի` արդէն շուրջ չորս շաբաթ տեւող փակումով (Ազրպէյճան), որ կը խոչընդոտէ սնունդի եւ այլ անհրաժեշտ մատակարարումներու եւ ծառայութիւններու հասանելիութիւնը շրջանին: Փակումը պէտք է վերցուի առանց յապաղումի` խուսափելու համար մարդասիրական որեւէ հետեւանքներէ եւ այլ անդառնալի բացասական ազդեցութենէ խաղաղութեան հոլովոյթին վրայ:

«Ուստի, ես Ազրպէյճանի կառավարութեան կը դիմեմ, որպէսզի հետեւելով 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի եռակողմ յայտարարութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն, իր լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ գործի դնէ բոլոր այն քայլերը, որոնք անհրաժեշտ են միջանցքով ազատ տեղաշարժը վերականգնելու եւ տեղւոյն բնակչութեան մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը երաշխաւորելու համար` հաշուի առնելով սնունդի, դեղորայքի եւ այլ կենսական պարագաներու պակասը:

«Վերջապէս ես կը դիմեմ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին` Լաչինի միջանցքի գործարկման առնչութեամբ բոլոր մտահոգութիւնները լուծելու երկխօսութեան եւ խորհրդակցութիւններու միջոցով` բոլոր ներգրաւուած կողմերուն մասնակցութեամբ:

«Նաեւ կը դիմեն Եւրոպական Միութեան կառոյցներուն` անմիջապէս աշխուժացնելու միջնորդական ներգրաւուածութիւնը եւ կանխարգելիչ դիւանագիտութիւնը` նպաստելու շարունակուող ճգնաժամի լուծման եւ կանխարգիլելու հետագայ սրումները»:

Նախորդը

Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը Ազրպէյճանի Դէմ Հայաստանի Պահանջին Վերաբերեալ Լսումներ Պիտի Կատարէ

Յաջորդը

Փաուըր. «Մարդասիրական Օգնութիւնները Չեն Կրնար Անարգել Մուտք Գործել Լեռնային Ղարաբաղ, Կը Մեծնայ Մարդասիրական Ճգնաժամի Հաւանականութիւնը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.