ՄԱԿ-ի առանցքային դատական մարմինը` Արդարադատութեան միջազգային դատարանը, 30 յունուարին Ազրպէյճանի դէմ Հայաստանի ներկայացուցած հայցի հիման վրայ հանրային լսումներ պիտի կատարէ:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութիւնը կը հաղորդէ, որ 30 յունուարին Լա Հէյի Խաղաղութեան պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային հռչակագիրի կիրարկման գործով հանրային լսումներ` Հայաստանը ընդդէմ Ազրպէյճանի հայցի հիման վրայ:
Լսումները նուիրուած պիտի ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ 27 դեկտեմբեր 2022-ին դատարան ներկայացուած` միջանկեալ քայլեր կիրարկելու խնդրանքին:
ՄԱԿ-ի դատարանը 31 յունուարին նաեւ լսումներ պիտի կատարէ Ազրպէյճանը ընդդէմ Հայաստանի հայցի հիման վրայ:
Հայաստան նախապէս Ազրպէյճանի դէմ հայց ներկայացուցած էր ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարան Ցեղային խտրականութեան վերացման յանձնախումբի վարոյթի ծիրին մէջ: Հայաստան Լա Հէյի դատարանէն խնդրած է կիրարկել հետեւեալ միջանկեալ քայլերը` պարտաւորեցնել Ազրպէյճանին դադրեցնել ենթադրեալ «ցոյցերու» կազմակերպումը եւ անոնց աջակցութիւնը, որուն պատճառով փակուած է Բերձորի միջանցքով անարգել ազատ տեղաշարժը: Բացի ատկէ, Հայաստանը դատարանէն խնդրած է Ազրպէյճանին պարտաւորեցնել ապահովել Բերձորի միջանցքով բոլոր մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անարգել ազատ տեղաշարժը:


