Նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ Պէյրութի նահանգին Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանին, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Անսարի մարզադաշտին վրայ մրցեցաւ Պէյրութի դէմ, նոր տարեշրջանը սկսաւ բաւական փայլուն եւ տպաւորիչ յաղթանակով մը` 4-1 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Մեթիու Մատի, Ժատ Հաշեմ, Սերճիօ Ուըհպէ եւ Վարդան Սարգիսեան:
ՀՄԸՄ-ի նշանակած երրորդ կոլէն ետք, մրցակից կազմէն մարզիկ մը կարմիր քարտ ստացաւ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիչն է ակումբին անցեալի մարզիկ Վաչէ Սարգիսեան:


