Ուքրանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Ալեքսանտր Փեթրաքով գլխաւորեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Փեթրաքով, որ նախորդ 12 յունուարին պաշտօնապէս լքեց Ուքրանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը, անոր հետ 15 մրցումի ընթացքին արձանագրեց 6 յաղթանակ, 7 հաւասարութիւն եւ կրեց 2 պարտութիւն:
Նշենք, որ Ալեքսանտր Փեթրաքով ծնած է Քիեւի մէջ, 6 օգոստոս 1957-ին:
Մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Փեթրաքով մարզած է Ուքրանիոյ տարբեր տարիքային ազգային խումբերը:
2018-ին ան Ուքրանիոյ 19 տարեկանէն վար խումբին հետ հասաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանին, իսկ 2019-ին Ուքրանիոյ 20 տարեկանէն վար խումբին հետ հանդիսացաւ Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան տիտղոսակիր:


