Սպանական մարզական մամուլը կը տեղեկացնէ, որ պրազիլցի անցեալի անուանի աստղ Ռոնալտինիոյի որդին` Ժոաօ Մետես Տէ Ասիս Մորէյրա շատ հաւանական է, որ մաս կազմէ Պարսելոնայի երիտասարդական խումբին:
Ինչպէս կը նշուի, 17 տարեկան ֆութպոլիստը իր պայմանագրութիւնը խզած է Քրուզէյրոյի հետ եւ այժմ կը գտնուի Պարսելոնա, ուր փորձառական շրջան մը կ՛անցընէ քաթալոնական երիտասարդական կազմին հետ:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, ակումբին նախագահը` Խուան Լափորթա, իր ամէն կարելին պիտի ընէ անոր այս փոխանցումը իրականացնելու համար:
Նշենք, որ Ժոաօ Մենտես կը խաղայ յարձակողական գիծին վրայ:


