Ռուսահայ Էլինա Դանիէլեան չկրցաւ ապահովել Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի զտումի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը:
20 տարեկան Դանիէլեան, որ կիսաւարտականին մրցեցաւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Սոֆի Չանի դէմ, անկէ կրեց 3-6, 7-5 եւ 3-6 արդիւնքով պարտութիւն մը եւ բնականաբար դուրս մնաց հետագայ պայքարէն:
Աւարտականին Սոֆիի մրցակիցը պիտի ըլլայ ռուս Օքսանա Սելեխմեթիեւա:


