ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը կը գուժեն հայ համայնքի բարեկամ, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի մահը:
Հիւսէյնի լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը կասեցուցած Թաէֆի համաձայնագիրին կնքահայրն է: Ան Թաէֆի համաձայնագիրին որդեգրման ընթացքին ամրագրած է հայ համայնքին իրաւունքները` հայ համայնքը նկատելով Լիբանանի մեծագոյն եօթը համայնքներէն մէկը:
Աստուած ողորմի իր հոգւոյն:


