Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի Այսօրուան Նիստը Յետաձգուեցաւ 19 Յունուարին

January 12, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ կառավարութիւնը կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին այլ նիստ մը գումարել` ելեկտրականութեան մարզին առ հաշիւ գումար տրամադրելու եւ Իրաքէն նաւթ ներածելու նուազուրդը յայտարարելու նպատակով, երէկ իր մահկանացուն կնքեց խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի:

Հիւսէյնիի մահուան սուգին առիթով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր գումարուելիք նախագահական ընտրութեան նիստը յետաձգեց հինգշաբթի, 19 յունուար 2023-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Միւս կողմէ, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի յայտնեց, որ եւրոպական դատական պատուիրակութեան Լիբանան ժամանումը կարելի չէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն նկատել: Ան հաստատեց, որ Լիբանան ՄԱԿ-ի մէջ ստորագրած է փտածութեան դէմ պայքարելու միջազգային համաձայնագիր մը, որուն շրջագիծին մէջ ան բնականաբար պիտի գործակցի եւրոպական դատական ատեաններուն հետ, որոնք դիմած են իրեն:

Խուրի շեշտեց, որ օրէնքի հիման վրայ արձանագրուելիք միջազգային դատական որեւէ գործակցութիւն կարելի չէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն նկատել: Ան հաստատեց, որ իրենք պիտի պայքարին այս գործակցութեան ընթացքին արձանագրուելիք որեւէ օրինազանցութեան դէմ:

Այս շրջագիծին մէջ եւրոպական դատական պատուիրակութիւնը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պէյրութի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ռաժա Համուշի հետ:

Նշենք, որ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ թելադրած էր դատական ատեաններուն համադրել Լիբանանի մէջ եւրոպական դատական յանձնախումբին առնելիք քայլերը` ընդգծելով, որ Լիբանան այս պատուիրակութեան հետ կը գործակցի իր ստորագրած միջազգային համաձայնագիրին շրջագիծին մէջ:

Միւս կողմէ, վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազի տեղակալ դատախազ Զիատ Ապու Հայտար մերժած է ենթարկուիլ եւրոպական դատական պատուիրակութեան հետ գործակցելու Օուէյտաթի պահանջին եւ փակելով իր բջիջային հեռաձայնը հեռացած է իր գրասենեակէն:

Այս շրջագիծին մէջ Օուէյտաթ խոստացաւ զայն յանձնել դատական իշխանութեան քննչական մարմինին:

Աւելի ուշ, Զիատ Ապու Հայտար յետս կոչած է եւրոպական դատական պատուիրակութեան հետ գործակցութիւնը մերժելու իր որոշումը եւ դատախազ Ռաժա Համուշէն պահանջած` դիւրացնել գերմանական դատական պատուիրակութեան աշխատանքը, եւ անոր յանձնել Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի վերաբերող թղթածրարը:

Նախորդը

Սամի Ժեմայէլ. «Նախագահական Ընտրութիւնը Կարեւոր Չէ, Այլ Ինչպիսի՛ Նախագահ Ընտրելն Է Կարեւորը»

Յաջորդը

Հիւսէյն Հիւսէյնի Ոչ Եւս Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.