Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախահայութիւնը Այս Դժուարութիւններն Ալ Պիտի Յաղթահարէ

January 12, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Պիտի ըլլայ շուրջ մէկ ամիս, որ Արցախը Հայաստանին եւ հետեւաբար ամբողջ աշխարհին կապող Գորիս-Ստեփանակերտ Կեանքի ճամբան փակուած է: Կեանքի ճամբան փակ կը մնայ Պաքուի բռնատիրական վարչակարգին ուղղակի կազմակերպումով, բայց այս անգամ` իբրեւ գործիք օգտագործելով այսպէս կոչուած «բնապահպաններ», որոնք պետական դրդումով շարժեցան ամբողջութեամբ շինծու բնապահպանական պատրուակով: Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն եւ Կաշէն բնակավայրերուն մէջ կան հանքեր: Ազրպէյճան կը պնդէ, որ հայերը այդ հանքերը ապօրինի կը շահագործեն, եւ այդ շահագործումը բնութեան մեծ վնաս կը պատճառէ: Բայց առանց ատոր ալ Ազրպէյճանը Կեանքի ճամբուն նոր երթուղիին հաստատումէն ի վեր առիթ չփախցուց երբեք, որ հարցականի տակ առնէ այդ ճամբուն գործածութեան ձեւը հայկական կողմէն, միշտ հայկական կողմը ամբաստանուեցաւ այդ ճամբով դէպի Արցախ սպառազինութիւն եւ անձնակազմ փոխադրելու յանցանքով եւ պահանջուեցաւ, որ անոր վրայ հաստատուի ազրպէյճանական հսկողութիւն, ինչ որ կը նշանակէ խախտում Բերձորի միջանցքի գործառոյթներուն վերաբերեալ 9 նոյեմբեր 2020-ի յանձնուողական յայտարարութեան տրամադրութիւններուն, որոնք միջանցքին մէջ հսկողութեան եւ ապահովութեան պատասխանատուութիւնը կը վերապահեն միայն ու միայն Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբին:

Խաղը ամբողջական առումով բացայայտ է: Նախ Ազրպէյճանի մէջ «բնապահպան» եւ «բնապահպանութիւն» բառերը արգիլուած հասկացողութիւններ են: Պաքուի բռնապետական վարչակարգին ներքեւ ո՛վ որ կը յանդգնի բնապահպանական հարց մը բարձրացնել, ճակատագիրը ուղղակի ձերբակալութիւնն ու բանտարկութիւնը կ՛ըլլայ: Ուստի սկիզբէն ալ յստակ էր, որ ազրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները այսպէս կոչուած ուղղորդած են «բնապահպաններ»-ը:

Մինչեւ իսկ անոնց շարքերուն մէջ կան այդ ծառայութիւններու աշխատակիցներ: Իսկ ճամբան փակելու գործողութեան մասնակիցներուն դէմքերը, պահուածքը, գործածած բառամթերքը երբեք ցոյց չեն տար, որ անոնք բնապահպաններ են, այլ կը քողազերծեն անոնց ծայրայեղ աջակողմեան համաթուրանական դիմագիծը եւ էութիւնը:

2020 թուականի աղէտալի պատերազմէն ետք Արցախի Հանրապետութեան մնացորդացին ամբողջութեամբ կտրուիլը աշխարհին կը սպառնայ մարդասիրական ճգնաժամով: Արցախի մնացորդացին մէջ, որուն անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորը ներկայիս Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբն է, ներկայիս կ՛ապրի շուրջ 120.000 մարդ, որոնցմէ 30.000-ը երեխաներ են: Կան հիւանդութեան ծանր պարագաներ, որոնց բուժումը կ՛ենթադրէ անոնց տեղափոխումը Երեւանի համապատասխան բժշկական կեդրոններ: Տեղափոխումի եւ փոխադրութեան դժուարութեան պատճառով ալ նոյնիսկ արձանագրուեցաւ մահուան պարագայ: Այո՛, Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան միջնորդութեան եւ հիւանդատարներով մինչեւ հիմա Երեւան փոխադրուած են 25 ծանր հիւանդ պարագաներ, իսկ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին ջանքերով Արցախի Հանրապետութիւն մուտք կը գործեն մարդասիրական օժանդակութիւններ` սննդամթերքի եւ վառելանիւթի տեսքով, բայց անոնք բաւարար չեն ձմրան ցուրտի ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ բնակչութեան տարրական պէտքերը հոգալու, անոր համար ալ Արցախի կառավարութիւնը եւ գործադիր շտապը` պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, իրերայաջորդ որոշումներ տուին ներկայ արտակարգ պայմաններուն մէջ հոսանքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու սպառումին առումով խնայողութեան դիմելու վերաբերեալ:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քննարկում կատարուեցաւ Գորիս-Ստեփանակերտ Կեանքի ճամբուն փակման մասին, խորհուրդին մաս կազմող երկիրներու ելոյթ ունեցած ներկայացուցիչները մտահոգութիւն արտայայտեցին այս առնչութեամբ, Ազրպէյճանը դատապարտող հասցէական յայտարարութիւններ կատարեցին… Մեծ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնները եւ անոնց ներկայացուցիչները խոր մտահոգութիւն արտայայտեցին եղածին գծով… Միջազգային կազմակերպութիւններ կոչ ուղղեցին անյապաղ վերաբանալու Կեանքի ճամբան… Մինչեւ իսկ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշեց ժամանակաւորապէս դադրեցնել Կաշէնի հանքավայրին շահագործումը եւ այդ հանքավայրինը` բնութեան պատճառած հաւանական վնասը ուսումնասիրելու վերաբերեալ միջազգային քննութեան դիմել: Այս բոլորը, առաւել ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին վարած բանակցութիւնները որեւէ արդիւնք չտուին շուրջ մէկ ամիսէ ի վեր, եւ Արցախի ամբողջական շրջափակումը հետզհետէ աւելի կը սեղմուի` ծանր կացութեան մատնելով արցախահայութիւնը եւ երկարաձգելով Արցախ վերադառնալ չկարողացող հայրենակիցներուն կարօտն ու տանջանքը:

Ուրեմն ո՛չ կոչերը, ո՛չ յայտարարութիւնները, ո՛չ միջազգային մակարդակի վրայ արտայայտուած մտահոգութիւնն ու դատապարտումը կրցան եւ թերեւս ալ պիտի կարենան վերաբանալ Կեանքի ճամբան: Արցախահայութիւնը հիմա համայն հայութեան փոխարէն եւ անոր անունով գոյութեան իւրայատուկ պայքարը մղելու պարտադրանքին տակ է, եւ կասկած չկայ, որ ինչպէս արցախեան ազատագրական պայքարի նախկին փուլերուն, հիմա ալ արցախահայութիւնը պատուով պիտի յաղթահարէ ներկայ դժուարին փուլը: Կը մնայ միայն, որ հայութիւնը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, առանձին չձգէ Արցախի իր քոյրերն ու եղբայրները, եւ ինչպէս նախկին փուլերուն, այս անգամ ալ, օգտագործելով քաղաքական աշխատանքի եւ ճնշումի բոլոր միջոցները, թիկունք կանգնի անոնց:

Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգը ամէն միջոցի կը դիմէ լռեցնելու համար արցախահայութեան պայքարը: Բայց այդ պայքարը արդար պայքար է: Այդ պայքարը ինքնորոշման իրաւունքին համար պայքար է: Այդ պայքարը Հարաւային Կովկասի մէջ քրիստոնէական իւրայատուկ քաղաքակրթութեան գոյատեւման համար պայքար է: Եւ այնքան ատեն որ մեր պայքարը արդար է, ոեւէ բռնատէր եւ անոր դիզած նաւթատոլարները չեն կրնար լռեցնել զայն…

 

 

Նախորդը

Ամանորի Ոչ Ուղղափառ Խօսքեր

Յաջորդը

Մանչեսթըր Սիթի Իր Կազմին Միացուց 19 Տարեկան Մաքսիմօ Փերրոնէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.