Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Արդէն սովորական առատաբանութեան առիթ է նաեւ Ամանորը` ցանցուած ձկնիկներու վտառներու յարաշարժ ալեկոծում, նախապէս ըսուածի աղմուկ:
ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՀԱՅԱՍՏԱՆՆԵՐ, ԱՐՑԱԽ ԵՒ ՀՐԱԲԽԱՅԻՆ ԱՆՁԵՒ ՄԱԿՄԱՅԻ ՆՄԱՆՈՂ ԱՆԶՕՐ ՍՓԻՒՌՔՆԵՐ` ԿԱՆԳՆԱԾ ԵՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ «ՇՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ-ՑԻՆԻԶՄ»-ԻՆ ԵՒ ԾԱՒԱԼՈՂ ԹԻՒՐՔԻԶՄԻՆ ԴէՄ` թատրոնի հանդիսատեսի պէս: Կը կարծենք, կարծած ենք, որ թաղային հեղինակայական ճապկումներով եւ առանց համապարփակ տեսիլքի ու յանձնառութեան` ազգ կը ղեկավարուի, ազգ կը պահուի: Ղեկավարելու եւ ղեկավարուելու համար նաեւ տեսիլք ունեցող եւ տեսիլքի հաւատացող ազգ պէտք է ըլլալ: Մի՞թէ այդպէս ենք: Տարտղնումը եւ կոտորակումը դարձուցած ենք ազգի գոյութենական համակարգ, որ ոչ մէկ ձեւով ազգային հեռանկար է, այլ ինքզինք կրկնող խուճապային եսի մէջ բանտարկուած աղմուկի կրկնուող հանդէս: Կարծէք հաշտուած ենք, որ քաղքենիական թափահարումներու առթած անհատականի երջանկութիւններով եւ ինքնագոհութիւններով որպէս արտադրող-սպառող պիտի ընթանանք դէպի մաշում եւ վերջնական անհետացում` ըլլալու համար, ասդին-անդին, ուրիշներու համրանքի լրացում:
Պահա՞ծ ենք ազգ-մէկութեան համոզում:
Կը բաւէ իրատեսութեամբ դիտել հայկական ծագումով մոլորակի ծանօթ կամ անանուն հին-նոր սփռուած խմբաւորումները, որոնց համար, առանց անհանգստանալու, կը գործածենք «ծագումով հայ» եղած ըլլալու տեսակ մը անինքնութեան բնորոշումը:
Իրաւ ազգային հաւաքական կամք չունինք: Այս իրականութիւնը չենք կրնար թաքցնել աւուր պատշաճի շատախօսութիւններով: Շաբաթավերջի ասդին-անդին հնչող աղմկարարութիւնները պէտք չէ միամտութեամբ հաւաքական կամք համարել: Փոխանակ ազգ եւ հայրենիք վերականգնելու եւ այդ նպատակին ծառայելու` ազգը եւ հայրենիքը կը ծառայեցնենք եսերու, շահերու, ընտանիքի, հայր եւ որդի, դիրքապաշտութիւններու: Հայը, ուր որ լարէ իր վրանը, հոն կը ստեղծէ ջոջականութիւն, եսի իշխանապետութիւն, անկարեւորութեան կարեւորութիւն` զանոնք շփոթելով ազգի եւ ազգի գոյութենական քաղաքականութեան հետ: Միշտ պէտք է յիշել բանաստեղծին խօսքը… ամէն մի հայ մի սպայ…
Եթէ իրատես ըլլայինք, կը դադրէինք խօսքի փրփուրը իրարու որպէս քաղաքականութիւն եւ ղեկավարում վաճառելէ, նիզակ ճօճելու ինքնահիացման ծառայող պոռոտախօսութենէ:
Բռնուած կաւէ եւ երկաթ կուժերու խաղին մէջ` գոհունակութեամբ քոչարի կամ թարանթելլա կը պարենք: Պարկոթը մենք չենք, կշռոյթը մենք չենք որոշեր` հակառակ անբանիմաց մեծխօսիկութիւններու, եւ երբ փորձ ըլլայ էական խնդիրներու մասին խօսելու կամ անոնց հունով նախաձեռնութիւններու, բոլոր «սպայ» հայերը յապաղած մարգարէներու պէս կը գոռան, որ այդ բոլորը «ջուրի երեսի տրուած սուրի հարուած են», այսինքն` անօգուտ:
Տարին աւարտեցաւ: Արամ Ա. կաթողիկոս 2022-ը յայտարարած էր «Սփիւռքի տարի»: Ի՞նչ է իրականութեան պատկերը: Սփիւռքը այսօր կը ներկայանայ ինքնակրկնութեան եւ սփիւռքացման աստղի տակ, նոր աշխարհներու մէջ, ուր, ինչպէս երէկ, հին յոյներու նոյն ճառերը կը կրկնենք, նոյնիսկ երբ չենք վարանիր դատարկ գոհունակութեամբ ըսելու, որ համաշխարհային ազգ ենք: Ոչ ոք ըսած է եւ կ՛ըսէ, թէ ի՛նչ կայ սրահ յուզելու կոչուած համաշխարհային անուանուած անմիջուկ կճեպին տակ: Կը շարունակենք ասդին եւ անդին երթեւեկել, ջուր ճողբացնել, ծափերով գինովնալ: Ի՞նչ պիտի ըլլան հասնումի երկիրը եւ անոր ժողովուրդը ինքնագոհութեամբ ընդունուած եւ շարունակուող անկասելի դարձած նօսրացման վաղորդայնին, որ մեր այսօրն է արդէն: Գնչուները հոն, ուր կը զարնեն իրենց վրանը, այդ կը համարեն հայրենիք` առանց ողջմտութեամբ հասկնալու, որ գնչուական բնակավայրը հայրենիք չէ, ազգի գոյութենականութեան կրողը չէ:
Մենք մեզ կը խաբենք` ըսելով Հայաստան, չենք ուզեր տեսնել, թէ իրապէս ի՞նչ մնացած է այդ եզրի ետին գտնուող ազգէն, հայրենիքէն, ինքնութենէն եւ ժառանգութենէն: Ի՞նչ կը ներկայացնէ այսօրուան կծկուած եւ կծկուող հանրապետութիւն-երկիրը ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ի յարաբերաբար: Ի՞նչ կը ներկայացնեն հանրապետութեան բնակչութիւնը եւ սփիւռք(ներ) կոչուած տարտղնուած, նօսրացող ենթադրաբար նոյնարմատ մարդոց հաւաքականութիւնները ՀԱՅ ԱԶԳ ԸՄԲՌՆՈՒՄԻՆ յարաբերաբար: Տեղ մը իրականութեան համապատասխանող ազգային իրաւութեամբ բնորոշուող հաստութեամբ շարունակութիւն եղող հաւաքականութիւն կա՞յ: Շարունակութիւն ըլլալու կամք կա՞յ:
Յաճախ կը մտածեմ բնակեցման եւ հայրենատիրութեան մասին, որոնք ազգի իրաւ քաղաքականութեան առանցքին պէտք է գտնուին, բայց կարծէք անոնք առաջնահերթութիւն չեն` հակառակ ներսի եւ դուրսի ամէն տեսակի հրապարակային տպաւորիչ բեմական արտայայտութիւններու: Վկայութիւններ, պատկերներ եւ դառն իրականութիւններ կան, որոնց կողքով կ՛անցնինք: Եթէ մեր կացութիւնը առարկայական եւ անհաճոյակատար քննարկումներու ենթարկէինք, մեր մասին մեր պատկերացումները կը յանգէին բացասական գնահատումներու, զորս պէտք չէ շփոթել զգացական յոռետեսութեան հետ:
Սփիւռքահայ հայրենակարօտ զբօսաշրջիկ մը տարիներ առաջ գացած էր իր հօրենական Մշոյ շրջանի գիւղը, ուր հանդիպած էր իր գիւղին մէջ ապրող հայ գիւղացիի մը, եղած էր անոր տան մէջ: Զրոյցի ընթացքին իր գիւղին մէջ մնացած հայ գիւղացին ամբաստանութեան նմանող խօսք ըսած էր իրեն, որ ինք մնացած իր գիւղին մէջ` հակառակ շատերու պէս Պոլիս գաղթելու ընծայուած կարելիութեան, կամ չէր հետեւած ուրիշներու եւրոպական երկիր մը կամ Ամերիկա չէր գաղթած, մնացած էր իր հայրենի գիւղին մէջ, տէր եղած էր իր ընտանիքի տան: Յաճախ կը յիշեմ Սասունի Ծովասար շրջանի Քէշիշեան տոհմին լուսանկարը, ուր տան պատշգամին վրայ խմբուած էին երէցներ, երիտասադրներ, որոնք հարց տուած էին, թէ հայերը թագաւոր եւ կաթողիկոս չունի՞ն, որպէսզի իրենց մասին մտածեն: Անոնք մնացած իրենց տան մէջ, իրենց հողին վրայ, տէր էին` սպասելով քաղաքական հրաշքը: Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռքներ գումարուած համահայկական կամ այլ անուններով «գիտաժողովներ»-ու օրակարգ եղա՞ծ են այդ տէր մնացածները, ի՞նչ է այդ մնացորդացին թիւը, ո՞ւր է այդ մնացորդացը: Անով իրապէս զբաղողներ կա՞ն, որպէսզի անոնք մնան ազգին մէջ, թէ՞ զանոնք արձանագրած են պատմութեան շահ-վնասի տոմարին մէջ: Ի՞նչ կրնանք ընել եւ չենք ըներ զանոնք պահելու ազգին մէջ:
Այսօր հայը հայրենիք կը լքէ, կ՛արտագաղթէ, հայը չի ներգաղթեր, հայրենահանման սփիւռքը կ՛աճի, սփիւռքացումը դարձած է հայու նկարագիր, սփիւռքէն ալ կը գաղթեն, կը ստեղծեն նոր գաղութներ: Կարծէք սփիւռքացումը հայուն եւ հայկական հաւաքականութիւններուն համար ազգային նոր ըմբռնում է տեսակ մը ներքին այն անհեթեթ համոզումով, որ սփիւռքը հայուն հայրենիքի շարունակութիւնն է: Մարդորսական ամբոխավարութեամբ նոյնիսկ ըսուեցաւ, որ հայութիւնը համաշխարհային ազգ է… Ի՞նչ ազգ կարելի է ըլլալ մանրուելով, առանց հողի եւ հետզհետէ առանց լեզուի: Բախտաւոր պարագային կան, կը մնան, մինչեւ ե՞րբ, կրօնական համայնքներ, ժամանակ մըն ալ տեւող ընտանեկան աւանդութիւններ, յուշամատեաններու պէս, դարու տուրիստական սովորութեամբ:
Բայց հայրենիք-հողի տէրերը կը նօսրանան եւ կը նուազին:
Հողը եւ տարածքը հայրենիք ըլլալու համար բնակիչ կ՛ուզեն:
Մարդոց համախմբումները ազգ ըլլալու համար հողատարածք կ՛ուզեն, ուր արձանագրուած կ՛ըլլայ պատմութիւնը եւ կ՛ըլլայ շարունակութիւն:
Եթէ ազգային-քաղաքական գիտակցութիւն ունեցող ժողովուրդ ըլլայինք, մեր բոլոր տեսակի ղեկավարութիւններէն կը պահանջէինք, որ հաշուետուութիւն ընեն եւ ըսեն, թէ հայրենատիրութիւն իրականացնելու համար ի՞նչ ըրին բնակեցման համար, որպէսզի հայրենիքը չըլլայ սոսկ տուրիստական հասցէ հայրենահանուածներու մնացորդացին համար, կամ` հոն մնացողներուն համար կրպակ կամ հայրենալքման սպասման սրահ:
Տեղ մը հաշուետուութիւն եղա՞ծ է, կա՞յ ըսելու համար, թէ պետութիւնը ի՞նչ ըրած է կազմակերպուած ձեւով հայրենադարձութիւն իրականացնելու համար, ի՞նչ ըրած են ամպագոռգոռ անուններով սփիւռք(ներ)ի կրօնական եւ քաղաքական կազմակերպութիւնները: Հաշուետուութիւն պէտք է ընել սեւով ճերմակի վրայ արձանագրուած անվիճելի թիւերով, դուրս գալով ամբոխները ոտքի քնացնող ճապկումներէ, ամբոխահաճութենէ, դիրքեր պահելու համար սովորական պոպուլիստական քաղաքական աճպարարութիւններէ, ի հարկէ, մի՛շտ ներսը եւ դուրսը:
Սփիւռք(ներ)ի անորոշ միլիոններով հայկական ծագումով միլիոնները ի՞նչ կը ներկայացնեն հայ ազգին եւ անոր հայրենիքին համար: Բնաւ կը մտածե՞նք այն մասին, որ անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին ազատագրուած Արցախի տասը հազար քառակուսի քիլոմեթրը բնակուած ըլլար տէր քանի մը միլիոն ժողովուրդով, գոհացած չըլլայինք յիշատակի պահակութիւն ընող մնացորդաց հարիւր հազարով: Իրողութիւնը պէտք է մտածել տայ նաեւ հանրապետութեան երեսուն հազար քառակուսի քիլոմեթրի տեւաբար նուազող երեք միլիոնի մասին:
Հողը կը պաշտպանուի տէր եւ բնակիչ ժողովուրդով, ո՛չ լուսանկարներով, ո՛չ երթեւեկող խելք բաժնողներով եւ ո՛չ ալ խօսափողներով:
Հանրապետութեան տարածքը ունեցող Պելճիքան ունի 11 միլիոն բնակիչ, հանրապետութեան տարածքը չունի ոչ իսկ երեք միլիոն: Կայ արձանագրութիւն մը, ըսելու համար տարտղնուող եւ տեւաբար նօսրացող, ծագումով հայերու վերածուող եւ այդպէս ըլլալու ճամբով ընթացող հայրենահանուածները եւ հայրենիք լքողները ի՞նչ կը ներկայացնեն որպէս համրանք: Որոնցմո՞վ եւ ինչպէ՞ս հայրենիք պիտի պահենք եւ ըլլանք ազգ:
Ղեկավարութիւնները, այնքա՜ն բազմաթիւ, անմիջականէն անդին նայած ըլլային, եւ ըլլան, նահանջները քաղաքականութիւն չէին համարուեր, կ՛ունենայինք հայրենատիրութիւն եւ միացում:
Ամանորեան սրտմաշուք խօսքեր… Վաղը այս խօսքերը ըսողներ եւ լսողներ ալ կրնան չմնալ…
Եթէ ներսի եւ դուրսի աղմկարարները պիտի կարենան նպատակ ճշդել, որ յամի Տեառն 2023-ին հարիւր հազար հայրենադարձներով պիտի վերաբնակեցնեն հանրապետութեան տարածքը եւ պիտի զբաղին մնացորդացով` անոնց ընծայելով տարրական նուազագոյնը ազգին հետ պահելու ինքնութեան պորտային կապը, օգտուելով ժամանակակից արհեստագիտութեան հնարաւորութիւններէն, միջազգային համայնքը եւ օրէնքը կանգնեցնելով իրենց պատասխանատուութիւններուն առջեւ: Այս ընող ղեկավարութեան կարիք ունինք, ոչ սովորական ինքնագոհութեամբ թափահարող «էսթեպլիշմընթ»-ներ, Երեւան ըլլայ թէ Պեւըրլի Հիլզ, Փարիզ թէ Նիւ Եորք, Միջին Արեւելք, Մոսկուա, ինչո՞ւ ոչ` նաեւ Պոլիս, Ուփսալա, Պուէնոս Այրես, ամէնուրեք, ուր հայեր կան, կան… բանաստեղծին յիշած «սպաներ»-ը…
6 յունուար 2023, Նուազի-լը-Կրան