ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի եռամսեայ երկլեզու «Կիլիկիա» պաշտօնաթերթի երկրորդ տարուան թիւ 3-4-ը լոյս տեսաւ 2022-ին, Լոս Անճելըս, բաղկացած` 208 էջերէ:
Ուսուցչաց եւ դաստիարակաց օրհնութեան խօսքով հանդէս կու գայ առաջնորդ Թորգոմ եպիսկոպոս Տօնոյեան, որ կը նշէ, թէ հոկտեմբեր ամիսը կը բնորոշուի Սրբոց Թարգմանչաց տօնի խորհուրդով: Տօն, որ ազգի մեծերուն եւ եկեղեցւոյ յաղթականներուն յիշատակը կը պանծացնէ համայն հայութեան կեանքին մէջ: Մեր նախնիները դարեր շարունակ անաղարտ պահեցին մեր մայրենին` կուրծք տալով անպատմելի փոթորիկներու: Այսօր աւելի քան անհրաժեշտ է, որ մեր ազգը հոգեւոր արթնութիւն ապրի: Իսկ ուսուցիչը անմնացորդ տուող է եւ կը տարբերի որեւէ մարզի պաշտօնեայ ըլլալու երեւոյթէն:
Խմբագրականին մէջ Սեդա Գրիգորեան կ՛ըսէ, որ Արեւմտեան թեմի զարթօնքին առընթեր «Կիլիկիա» պաշտօնաթերթը կ՛ընդարձակէ իր էջերը: Ըլլալով հայելին ազգային առաջնորդարանի ժողովրդանուէր նախաձեռնութիւններուն, անիկա իր կարգին յառաջընթաց կ՛ապրի եւ կը ծանուցէ ընդարձակումը իր էջերուն` տեղ տալով նոր բաժիններու, գրական, մշակութային, աշակերտական եւ հայ մանուկն ու պատանին շահագրգռող նիւթերու` այն հաւատքով, որ հայոց լեզուն մատղաշ սերունդներու մօտ պիտի խթանէ հայկական լեզուամտածողութիւնը, հայ գիր ու դպրութեան նկատմամբ անկաշկանդ սէրն ու նուիրական յարգանքը:
«Դպրեվանքը ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր» խորագրեալ խօսքին մէջ Թորգոմ եպիսկոպոս կը յայտնէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը կ՛երաշխաւորէ հայրապետական Աթոռի առաքելութիւնն ու ծաղկումը զանազան մակարդակներու վրայ եւ այլազան դաշտերէ ներս: Դպրեվանք ըսել կը նշանակէ` խօսիլ Մեսրոպ Մաշտոցի հաստատած դպրոցին մասին, որ հայ եկեղեցւոյ հայրապետական Աթոռին հետ քալեց ու շարժեցաւ քաղաքէ-քաղաք, շրջանէ-շրջան եւ հասաւ Կիլիկիա: Ապա, աստանդական դարձած հասաւ Լիբանան եւ հանգրուանեցաւ Անթիլիասի մայրավանքը:
«Աստուածաշունչ մատեանի մասին» յօդուածին մէջ Զարեհ վարդապետ Սարգիսեան կը գրէ, որ Աստուածաշունչ մատեանը Աստուծոյ յայտնութեան գրաւոր արձանագրութիւնն է, որ գրի առնուած է հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին` զանազան հեղինակներու կողմէ: Ան կը բաժնուի երկու կտակարաններու, որոնք Աստուծոյ եւ ժողովուրդին միջեւ կնքուած համաձայնութիւններ են: Մարգարէներ, աւետարանիչներ եւ առաքեալներ` աստուածային ներգործութեամբ ժողովուրդը զգաստացնելու եւ ուղղելու նպատակով: Աստուծոյ խօսքը մատակարարեցին օրուան հասկնալի ոճով: Աստուածաշունչը հիմքն է հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր արարողութիւններուն, աղօթքներուն եւ շարականներուն:
«Հայոց եկեղեցին» յօդուածին մէջ Գարեգին քահանայ Պետուրեան կ՛ըսէ, որ քրիստոնէական եկեղեցին մէկ է, որովհետեւ Քրիստոս մէկ է, Աստուծոյ միածին որդին է ու կը պատկանի միակ եւ մէկ Աստուծոյ, որ տիեզերքի արարիչն է: Քրիստոնէական եկեղեցին ունի մէկ կոչում, որ իր առաքելութիւնն է այս աշխարհի մէջ: Աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները կը կազմեն Քրիստոսի մէկ եկեղեցւոյ հաւատացեալներու միութիւնը: Քրիստոնէական եկեղեցին ընդհանրական է, որովհետեւ աշխարհի մէջ ապրող բոլոր քրիստոնեաները իրենց պաշտամունքով ու հաւատքով մաս կը կազմեն Քրիստոսի եկեղեցւոյ, առանց ցեղի, լեզուի, գոյնի կամ սեռի խտրութեան: Ուրեմն Քրիստոսի հաւատացող բոլոր ազգերը իրարու հարազատ եւ նոյն հաւատքը ապրող ու մարմնաւորող ժողովուրդներ են:


