Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թեհրանի Եւ Պաքուի Միջեւ Թիւրըմբռնումը Լուծուած Է» Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի Նախագահը

January 11, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Քալիպաֆ, անդրադառնալով իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ հանդիպումին, յայտարարած է, որ Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ թիւրըմբռնումը լուծուած է: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:

Քալիպաֆ այս մասին յայտարարած է Ասիական խորհրդարաններու վեհաժողովի 13-րդ նստաշրջանին մասնակցելու նպատակով Թուրքիա կատարած այցելութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:

Անդրադառնալով վեհաժողովի ծիրին մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններու նախագահներու եռակողմ հանդիպումին` Քալիպաֆ յայտարարած է, որ երեք երկիրներուն միջեւ քննարկուած են ապրանքներու փոխադրման եւ տարանցման, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի առնչուած հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ արտաքին գործոց նախարարներու, պաշտպանութեան նախարարներու, երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով եռակողմ հանդիպումներ կատարելու հարցը:

Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վերջերս ծագած թիւրըմբռնումի հանգուցալուծման մասին խօսելէ ետք Իրանի խորհրդարանի նախագահը յայտարարած է, որ ապագային կը նախատեսուի Պաքու իր այցելութիւնը:

Իրան Միջազգային Սահմաններու
Ոչ Մէկ Փոփոխութիւն Պիտի Ընդունի

ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահը Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի հետ 9 յունուարին ունեցած հանդիպումի ընթացքին վերահաստատած է այն դիրքորոշումը, որ Թեհրան կովկասեան շրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութիւն պիտի չարտօնէ:

«Մենք կրնանք շրջանային եւ համաշխարհային ասպարէզի մէջ իրարու հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ, եւ որքան մտերիմ են շրջանի երկիրները, այնքան աւելի լաւ է շրջանին համար:

«Մենք չենք կրնար արտօնել, որ ոչ շրջանային երկիրները միջամտեն այս ոլորտին մէջ: Մենք պիտի չընդունինք սահմանին վրայ որեւէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւն», ընդգծած է Քալիպաֆ:

 

Նախորդը

«Զելենսքի Ներկայացուցած Է 10 Կէտերէ Բաղկացած Խաղաղութեան Ծրագիր. Թուրքիան Կը Զօրակցի Այդ Ծրագիրին» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.