Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Դիմագրաւած Քաղաքական, Տնտեսական, Ընկերային Եւ Դատական Տագնապները Կը Յամենան

January 11, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ լիբանանեան սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը ժամական դրութեամբ բարձրացում կ՛արձանագրէ` յաւելեալ արժեզրկումի մատնելով լիբանանեան դրամանիշը, լիբանանցի քաղաքացին կը շարունակէ տնքալ անողորմ սղաճին պատճառած ցաւէն:

Այս շրջագիծին մէջ առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ յայտարարեց, որ երեխաներու կաթին համար տրամադրուած պետական նպաստը չեղեալ կը նկատուի, որովհետեւ կարելի չէ կաթի մաքսանենգումը զսպել:

Ապիատ նկատել տուաւ, որ Լիբանան հասած երեխաներու կաթին քանակը կրնար երկու երկիր բաւարարել, «եւ ըստ երեւոյթին մենք պետական նպաստով երկու երկիրներու երեխաներու կաթ կ՛ապահովէինք», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, պետական դպրոցներու տարրական եւ երկրորդական կարգերու, ինչպէս նաեւ արհեստից վարժարաններու ուսուցիչներու լիկան յայտարարեց, որ այնքան ատեն որ լիբանանեան պետութեան կողմէ ուսուցիչներու ապրուստի նուազագոյն պայմանները չեն տրամադրուիր, պետական դպրոց գոյութիւն չ՛ունենար:

Ուսուցիչներու լիկան գործադուլ յայտարարեց մինչեւ կիրակի, 15 յունուար 2023` հաստատելով, որ այդ գործադուլը կրնայ երկարաձգուիլ, եթէ իրենց պահանջները ընդառաջում չգտնեն:

Երկրին տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային մարզերը հարուածող այս մարտահրաւէրներուն առընթեր, ինքզինք գերակշռող տագնապ կը մնայ քաղաքականը, որուն ծիրին մէջ կ՛իյնայ նախագահական ընտրութիւն կատարելու առաջնահերթութիւնը:

Այս առումով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` հինգշաբթի, 12 յունուար 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Նշենք, որ Եւրոպական դատական իշխանութիւնները կազմ ու պատրաստ են միջամուխ դառնալու լիբանանեան ելեւմտական թղթածրարներու հետաքննութեան:

Այդ նպատակով արդէն իսկ Լիբանան հասած է գերմանական պատուիրակութիւն մը, որ այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի հետ` համադրելու համար Լիբանանի մէջ եւրոպական դատական յանձնախումբին առնելիք քայլերը:

Կը նախատեսուի, որ եկող օրերուն Լիւքսամպուրկէն եւ Ֆրանսայէն դատական այլ պատուիրակութիւններ եւս ժամանեն Լիբանան:

Դատական աղբիւրներ հաստատեցին, որ Լիբանան ստիպուած է եւրոպացիներուն հետ գործակցելու` 2008-ին իր ստորագրած փտածութեան դէմ պայքարի համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ ֆրանսացի դատախազ Օտ Պուրեսի, որ կը հետապնդէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ բացուած դրամի իւրացումի եւ լուացումի թղթածրարը, Լիբանան պիտի հասնի երկուշաբթի, 16 յունուար 2023-ին:

Նախորդը

Միքաթի Թարաֆի Եւ Քատիքի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

«Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Պաշտպանել Ազրպէյճանը Եւ Մեղադրել Հայաստանը» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.