Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անտեղի Եւ Անժամանակ Տերեւաթափ Մը Եւս. Մեկնող, Բայց… «Վերադարձող» Ժիրայրը. Իր Լիարժէքութեամբ Եւ Ամբողջականութեամբ

January 6, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Պոլսահայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիին հետ, «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ

ԺԻ՜Ր-Ա՛ՅՐ։

Ես այսպէս կը բնորոշեմ ԺԻՐԱՅՐԸ, իր անուանումով, նկարագիրով, էութեամբ, բնաւորութեամբ, մարդկայնութեամբ, ընկերասիրութեամբ, հայամբողջութեամբ, համամասնագիտութեամբ, հայագիտականութեամբ, հրապարակագրութեամբ, մատենագիտութեամբ, լրագրագիտութեամբ հեղինակութեամբ եւ առհասարակ բարձրահունչ մտաւորականութեամբ։

Ժիրայրը, տակաւին իր դպրոցական նստարաններէն, արդէն սկսած էր կազմաւորուիլ իբրեւ վաղուան խօսուն ու խոստմնալի գրիչներէն, իր ստեղծագործական, գրչագրական, յօդուածագրական ու հրապարակագրական գրութիւններով, սկսելով՝ ՀԲԸ Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան Վարժարանի «Նուիրում» պարբերաթերթէն, մինչեւ մամուլի սիւնակները, ինչպէս՝ «Յառաջ», «Երիտասարդ Հայ», «Զարթօնք», «Շիրակ», ուր հեղինակաւոր եւ պատուաբեր ստորագրութիւններով հանդէս կու գար, միշտ իրեն յատուկ ոճով ու լեզուագիտական իւրայատուկ հարստութիւններով։

Գիրքերու աշխարհէն եկած էր, ուր թրծուած ու կախարդուած էր անոնց հմայքով, գրաւչութեամբ ու պաշտամունքով, յետագային այդ բոլորը զինք առաջնորդելով մատենագիտական ու լրագրական բեղմնալի բնագաւառներ, դառնալով անոնց հմուտ մասնագէտներէն ու քաջագիտակներէն մէկը, իր հրատարակած արժէքաւոր հատորներով ու մամուլին մէջ ծաւալուող յօդուածներով, միշտ պեղող եւ յայտնաբերող միտքով։

Թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ, մտաւորական շրջանակներէն ներս, ան դարձած էր հանրածանօթ անուն մը, հայերէնագիտական բազմաճիւղ մասնագէտներուն մօտ վայելելով յարգանք ու սէր, մեծապէս գնահատելի գտնելով անոր վաստակն ու հեղինակութիւնը։

***

Ժիրա՛յրը անշեղ գաղափարախօսութեան կրող մըն էր, անզիջող սկզբունքի տէր եւ անտեղիտալի համոզմունքներու կառչող մը։

Յովհաննէս Աղպաշեանին հետ ունէր սերտ ու մտերմիկ կապեր, որպէս երէց սերունդի հանրայայտ ներկայացուցիչ, որուն հանդէպ կը տածէր անկեղծ զգացումներ, յատկապէս ազգային-քաղաքական հարցերու շուրջ, նաեւ՝ հաւատալով մամուլի խաղցած շինիչ դերակատարութեան, զրոյցներու ու հանդիպումներու ընդմէջէն։

Յետագային, այդ յարաբերութիւնները «ժառանգուեցան» ինծի, ոչ միայն անձնական, այլեւ միջընտանեկան ծիրէ ներս, մանաւանդ երբ ես ալ ընդգրկուեցայ ազգային-միութենական, լրագրական, դասախօսական ու կրթական մարզերէն ներս, համարեա ամենօրեայ խօսակցութիւններով եւ անմիջականութիւններով անդրադառնալով ազգային-հայրենական հրատապ խնդիրներուն, որոնք կը յուզէին ու կը տագնապեցնէին բոլորս, յաճախ մեր պատկերացումները, ակնարկներն ու մեկնաբանութիւնները ըլլալով միեւնոյն հարթակներուն վրայ։

***

Դարմանումներու համար, Պոսթոն (ԱՄՆ) տեղափոխուելէն ետք, առիթէ-առիթ հեռախօսային կապերով, երկար զրոյցներ կ’ունենայինք Ժիրայրին հետ, անկախաբար ընթացիկ հարցերէն, ան խորապէս կ’ապրէր այն տխուր իրադարձութիւնները, որոնք տեղի կ’ունենային իր ծննդավայր-հայրենիքին ու մայր-հայրենիքին մէջ, դժգոհելով գոյութիւն ունեցող անարդարութիւններէն, անիրաւութիւններէն, մոլեռանդութիւններէն ու ծայրայեղութիւններէն, ներլիբանանեան թէ ներհայաստանեան ոլորտներէն ներս։

Իր դատումները ու խոկումները, միշտ ալ ողջմիտ եւ իրապաշտ կ’ըլլային, տրամաբանական ու համոզիչ, որովհետեւ իր մտածումներն ու մօտեցումները հիմնուած կ’ըլլային առարկայական եւ տեղեկագրական տուեալներու վրայ։

Բնական է, որպէս ամուր հաւատամքի ու լրջախոհ ազգայինի, Ժիրայրը մերթ ընդ մերթ ալ կ’ունենար պոռթկումներ ու բողոքներ, երբ կը տեսնէր, իր շրջապատէն ներս թէ դուրս, անյարիրութիւններ ու պարտազանցութիւններ, որոնք մեծապէս կը վնասէին հաւաքականութեան ու հասարակութեան, սեպ խրելով իրարու միջեւ, իսկ ատոնք իրեն համար անհանդուրժելի եւ անտանելի կը նկատուէին, ինչ որ չէր վարաներ յականէ-անուանէ մատնանշելու զանոնք։ Իր սիրեցեալ ուսուցիչին՝ Վահէ-Վահեանին բառը օգտագործելով, իր անցումէն շուրջ երկու շաբաթ առաջ, դարձեալ հեռախօսազրոյց մը ունեցայ Ժիրայրին հետ եւ, ինչպէս միշտ, երկար ու ջերմ, որուն ընթացքին, իր սովորութեան համաձայն, յուշեր պատմեց, զարմանալի մանրամասնութեամբ, յիշեց իր հարազատ բարեկամները, հարցնելով անոնց քեֆի մասին, չմոռնալով տեղ մըն ալ «սպրդեցնելով», որ առողջական հարցեր ունի ու կը հետեւի բժշկական քննութիւններու։

Այդուհանդերձ, իր բարձր տրամադրութենէն չուզեց հրաժարիլ եւ նոյն խանդավառութեամբ եւ աշխուժութեամբ աւարտեց զրոյցը, այն տպաւորութիւնը ձգելով թէ՝ յաջորդիւ կը շարունակէ։

«Յաջորդիւ»ը չեկաւ, բայց Ժիրայրին «զրնգուն» ձայնը մնաց (ու պիտի մնայ) ականջիս մէջ, մինչեւ որ 23 Նոյեմբերին անոր «անցում»ին գոյժը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ ամենուրէք։

24 Նոյեմբերի երեկոյեան հեռախօսս հնչեց։ Ժիրայրին կողակից՝ Զուարթն էր, որ տխրայուշ ոճով ամուսնոյն շիջումին մասին խօսեցաւ, անոր բացակայութիւնը նկատելով ոչ միայն իր եւ իր հարազատներուն, այլեւ բոլոր զինք ճանչցողներուն համար անսփոփելի ցաւ մըն է։

Եւ իրաւամբ, Ժիրայրին մեկնումը ցնցող էր, որովհետեւ ամէն ոք կը հաւատար որ պիտի վերադառնար իր սիրելի ծննդավայրը ու վայելէր իր ընկերական լայն շրջանակները։

Այո՛, ճիշդ է որ Ժիրայրը կը գտնուէր Ամերիկա, բայց, իր հոգին կը սաւառնէր Լիբանանի վերեւը, ուր անցուցած էր իր պատանեկութիւնը, երիտասարդութիւնը ու չափահասութիւնը, բայց, նաեւ պատրաստած ու խմբագրած էր իր հոգեհատորները, իր խմբագրած թերթերը, երկարամեայ տնօրէնութեան ժամանակաշրջանը, Հայագիտական Հիմնարկի տնօրէնութիւնը, ազգային-միութենական ծառայութիւնները ու բազում այլ վայրերը։

Ժիրայրին ամենէն ուրախ ու նաեւ տխուր պահերէն եղան, երբ իր երախտաւոր ուսուցիչներուն՝ նախկին խմբագիրներ Զարեհ Մելգոնեանի եւ Օննիկ Սարգիսեանի որպէս յաջորդ արժանաւոր մտաւորական-խմբագիր իրեն վստահուեցաւ «Շիրակ» ամսագիրի խմբագրութիւնը, խումբ մը այլ մտաւորական-խմբագիրներու գործակցութեամբ, ձեռնհասօրէն վարելով զայն, մինչեւ որ չարամիտ ձեռքեր ու ձախաւեր ուղեղներ անճիտեցին զայն, մեծ յուզում պատճառելով Ժիրայրին եւ իր գրչեղբայրներուն։

Իսկ «Կամար» պարբերաթերթը ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ մըն էր, որուն առիթով, մտայղացող ու գործադրող խմբագիր Ժիրայրը եւ իր խմբագրակազմը ցնծութիւն ապրեցան, մինչեւ որ ան ալ, իր փայլուն երկունքը ապրելէ ետք դադրեցաւ, Ժիրայրին չարաբախտ արկածով, ապա՝ մեկնումով։

***

Հակառակ իր համեստութեան ու զգաստութեան, երբ մտածումը ունեցայ իր մասին հանդէս գալու հեռահար հարցազրոյցով մը, իր եւ իր անկեղծ բարեկամներուն միջեւ կամուրջ մը բանալու տրամադրութեամբ կամ յիշեցնելու համար որ՝ «Ժիրայրը հոս է», ակամայ հաշտուեցաւ գաղափարին հետ եւ հարցազրոյցը լոյս տեսաւ «Պայքար»ի (13 եւ 20 Փետրուար 2022ի թուակիրին մէջ), յուրախութիւն իրեն ու բազմաթիւ ընթերցողներու։

Այսօր, ուրախ եմ որ այդ հարցազրոյցը ունեցած եմ հետը, ուր իր «աղէտ»ի ու «ցաւ»ի ամբողջ պատկերը կայ, խառն հոգեվիճակով, բայց, փափկանկատ լաւատեսութեամբ, իր հարազատներուն նկատմամբ ջերմ զգացումներով, հայրենիքի մէջ տիրող իրավիճակի մտահոգութեամբ, Լիբանանի հանդէպ իր բուխ սիրով եւ ընդհանրապէս իր բարի մաղթանքներով։

Բացառիկ յիշողութեան տէր Ժիրարին վերջին օրինակներէն եղաւ, երբ իր գիրքի՝ «Գրական Որոնումներ»ու մասին իմ գրախօսականս ուզուեցաւ հայրենի մէկ աղբիւրէն, սակայն, անկարելի եղաւ զայն… գտնել, զարմանալիօրէ՛ն ։

Ժիրայրը երբ իմացաւ, ըսաւ թէ ինք ունի նմոյշ մը Պէյրութի գրադարանին մէջ եւ գիտէ տեղն ալ, բայց, գործնապէս չի կրնար հասնիլ հոն։ Քանի մը օր ետք հեռաձայնեց եւ ըսաւ. «Գտա՜յ», «ուրկէ՞» հարցումիս, պատասխանեց. «Հայաստանէն» եւ արդէն յանձնած է՝ առ որ անկ է։

Ժիրայրին հետ մտերմութիւնս ու համագործակցութիւնս, ինչպէս Լիբանանի ամենէն թեժ ու բռնկող օրերուն, երբ «Զարթօնք»ի խմբագրատունը դարձած էր մեր կեցութեան օթեւանը եւ ապահովարանը, Ժիրայրին հետ անցուցած ենք աշխատանքային ու լրագրային հաճելի եւ արդիւնաւորող պահեր (իր բնակարանը ըլլալով կեդրոնին մերձակայքը), միշտ իր ժպտերես, զուարճախօս, օգտաբեր ու գործնամէտ միջամտութիւններով ու մասնակցութիւններով։

Հայաստան մեր այցելութիւնները, խորհրդային թէ անկախական շրջաններուն, գրեթէ եղած ենք միասնաբար, հոն՝ հայրենի շունչին, երկինքին ու մթնոլորտին մէջ, վերանորոգուելով ու վերապայծառնալով։

Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Երուան Մելքոնեանի կանխահաս մահուան առիթով, որպէս մեր հարազատ բարեկամը, Ժիրայրը եւ նուաստս մասնակցեցանք անոր յուղարկաւորութեան ու թաղման արարողութեանց, ինք որպէս Բարեգործականի, իսկ ես՝ ՌԱԿի ներկայացուցիչներ։ Իսկ այդ ընտրութիւնները պատահական չէին, այլ՝ գիտակցուած, նկատի ունենալով մեր տարիներու սերտակցութիւնն ու մօտիկութիւնը։

Այսպէս էր Ժի՜ր-ա՛յրը, իր «այբ»ով եւ «օ-ֆ»ով, որուն հետ համագործակցիլը, համատեղուիլը ու համաչափուիլը, շատ-շատերու համար եղած է գերագոյն հաճոյք, հպարտառիթ մէկտեղութիւն, ազնուական բարեկամութիւն, գաղափարական վսեմութիւն եւ ընկերային պերճախօսութիւն։

***

Ժիրայրը, իր մտաւորական աւանդով ու հրայրքով, մարդկային խորքով ու նկարագիրով, ազգային ոգիով ու սլացքով, մտաւորական շղարշով ու լիցքով, կը մնայ ու կը ճանչցուի սփիւռքահայ իրականութեան գրական-մամլոյ աշխարհի ամենէն ականաւորներէն եւ երեւելիներէն։

Չենք գիտեր, իր մեկնումը ի՜նչ պիտի արժէ, հոս թէ այլուր, բայց, հաստատապէս գիտենք, որ Ժիրայրը պիտի մնայ մե՜նծ բացակայ մը, իր անձով ու դիմագիծով, ներկայութեամբ ու գործունէութեամբ, հայագիտութեամբ ու հայերէնագիտութեամբ։

Ճիշդ է, Ժիրայրը ութսուննոց էր, բայց, իր ժրաջանութեամբ ու կենսունակութեամբ, յիշողութեամբ ու պայծառամտութեամբ, «փարոս» մըն էր, որ ուժն ու փայլքը ունէր մնալու պատնէշի վրայ, այլեւ շարունակելու ճառագայթել ու լուսաւորել իր համազգային, համագաղութային, համայնքային ու համահայկական շրջանակները, ամենայն թափանցիկութեամբ եւ օգտաշատութեամբ։

Իր մեկնումը տխուր իրականութիւն մըն է, բայց… «վերադարձ»ը, իր ուժգնութեամբ ու համատարածութեամբ, զգալիութեամբ ու համասիրութեամբ, կը մնայ կենդանի պատկեր մը, իր լիարժէքութեամբ եւ ամբողջականութեամբ։

Պէյրութ

Պերճախօս լուսանկար մը, «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ. ձախէն աջ՝ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան, մատենագէտ Ժիրայր Դանիէլեան, բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան ու խմբագիր Պարոյր Աղպաշեան
Ժիրայրին հետ կատարուած հարցազրոյցէն հատուած մը, իր ՁԵՌԱԳԻՐՈՎ, հակառակ տեսողութեան վիրաւոր վիճակին

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Պէտք Է Միաւորուենք Եւ Կանգնեցնենք Պարտութիւնների Թափանիւը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան

November 6, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.