Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հեռանալէն ետք նոր յառաջապահի մը փնտռտուքի աշխատանքին սկսած է:
Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, մանչեսթըրեան ակումբը թէեւ հետաքրքրուած է Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ` Ժոաօ Ֆելեսով, սակայն կը նշուի, որ մատրիտեան ակումբին պահանջները կրնան բարդացնել անոր հետ բանակցութիւններուն ընթացքը:
Եթէ Մանչեսթըր Եունայթըտ չյաջողի համաձայնութեան գալ սպանական ակումբին հետ, անիկա իր ամէն կարելին պիտի ընէ ձեռք ձգելու համար Ա. Սէ. Միլանի յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրուի ստորագրութիւնը:
Նշենք, որ ֆրանսացի յառաջապահ Ժիրուի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2023:


