Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսական Դեսպանատունը Կը Հաստատէ Լիբանանեան Բանակին Օժանդակելու Ֆրանսայի Պատրաստակամութիւնը

January 4, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատունը անցեալ շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիեն Լըքորնիւ այցելեց Լիբանան եւ Նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական ջոկատին զօրանոցը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Ֆրանսա, որ 1978-էն ի վեր կը գտնուի Լիբանանի մէջ, կը նկատուի ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող խաղաղապահ ուժերուն մէջ գլխաւոր ներդրում ունեցող երկիրներէն: «Ֆրանսական զօրամասը կը բաղկանայ 700 զինուորներէ, որոնք խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան մաս կը կազմեն «Տաման» ծրագիրի շրջագիծին մէջ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Լիբանան այցելութեան շրջագիծին մէջ կը նախատեսուէր, որ Լըքորնիւ հանդիպում ունենար նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:

Ֆրանսական դեսպանատունը իր հաղորդագրութեամբ նշեց նաեւ, թէ Լըքորնիւի Լիբանան կատարած այս այցելութիւնը կը հաստատէ լիբանանեան բանակին օժանդակելու Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը:

Նշենք, որ Լըքորնիւ այցելեց Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Ան այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի հետ: Լըքորնիւ շեշտեց, որ Ֆրանսա կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի` ընդգծելով նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:

Լըքորնիւ նկատել տուաւ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն իրեն վստահած է Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ զինուորական գործակցութեան ծրագիր մը մշակելու պարտականութիւնը:

Սլիմ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի նկատմամբ մնայուն կերպով ցուցաբերուած ֆրանսական զօրակցութեան համար, յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած տագնապալի օրերուն:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Իպրահիմ Քանաանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Պըրրի. «Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրելու Առիթ Չկայ` Առանց Համախոհութեան»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.