Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանտէն Նախագահական Նստավայր. Ձախակողմեան Սենտիքայականը` Դարձեալ Պրազիլի Նախագահ

December 31, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

2022 տարին Հարաւային Ամերիկայի մեծագոյն երկրի` Պրազիլի համար եղաւ անակնկալներով լեցուն տարի մը: Մարդոց մեծամասնութեան մտքերուն մէջ դրոշմուած պիտի մնայ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին այդքան անփառունակ պարտութիւնը Խրուաթիոյ ազգային խումբին դիմաց` Քաթարի-2022-ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանէն ալ առաջ, այսպիսով ջախջախելով ֆութպոլի պատմութեան մէջ առասպել մը: Բայց մարզական կեանքէն անկախ, Պրազիլի 2022 տարին պատմութեան մէջ յիշարժան պիտի մնայ իր քաղաքական անակնկալով… Պրազիլի նախկին նախագահ Լուիս Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվա երրորդ ոչ յաջորդական նստաշրջանի համար նախագահ ընտրուեցաւ: Լուլա Տա Սիլվայի ընտրական յաղթանակը ամբողջացուց վերջին մէկ տարուան ընթացքին Հարաւային Ամերիկայի մէջ ձախակողմեան ուժերու արձանագրած ընտրական յաղթարշաւներու շարքը: Մեծ հաշուով ալ յայտնի էր արդէն, որ Չիլիէն եւ Քոլոմպիայէն ետք ձախակողմեան ուժերու յաղթարշաւին կարգը պիտի հասնէր Պրազիլին:

Բայց Լուիս Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվայի յաղթանակը այդքան ալ դիւրին չեղաւ: Նշեցինք արդէն, որ ան նախագահական այս ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէր երրորդ ոչ յաջորդական նստաշրջանի համար, որովհետեւ ան նախապէս Պրազիլի նախագահ ընտրուած էր երկու անգամ` 2002 եւ 2006 թուականներուն, իբրեւ ձախակողմեան Աշխատաւորներու կուսակցութեան թեկնածու: 2010 թուականին Լուլա Տա Սիլվային յաջորդեց նոյն կուսակցութենէն Տիլմա Ռուսեֆը, որ երկրորդ յաջորդական նստաշրջանի համար վերընտրուեցաւ 2014-ին, բայց երկու տարի ետք պաշտօնազրկուեցաւ վարչական սխալ վարքագիծի պատճառով: Լուլա Տա Սիլվա մտադիր էր իր թեկնածութիւնը առաջադրել 2018 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն, բայց անոր այս մտադրութիւնը չիրականացաւ, որովհետեւ անկէ մէկ տարի առաջ ամբաստանուեցաւ փտածութեան յանցանքով, այդ պատճառով ալ ան ձերբակալուեցաւ եւ որոշ ժամանակ անցուց բանտը` զրկուելով իր քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներէն: Սակայն իրերայաջորդ դատավարութիւններէ եւ վճիռներէ ետք ան 2019-ին ազատ արձակուեցաւ, իր դէմ արձակուած փտածութեան բոլոր ամբաստանութիւնները ջնջուեցան, իսկ 2021 թուականին անոր քաղաքական իրաւունքները վերահաստատուեցան: Այս իրողութիւնը դռները լայն բացաւ, որ սենտիքայական պայքարի իր անցեալով յայտնի Լուիս Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվա անգամ մը եւս իր թեկնածութիւնը առաջադրէ նախագահական ընտրութեան:

2022-ի ընտրութիւնները համապետական էին, միաժամանակ կատարուեցան նախագահի եւ փոխնախագահի, ինչպէս նաեւ դաշնակցային խորհրդարանի երկու պալատներուն` ծերակոյտին եւ ներկայացուցիչներու տան թափուր մնացած աթոռներուն, կառավարիչներու եւ փոխկառավարիչներու, տեղական դաշնակցային միաւորներու օրէնսդիր մարմիններու անդամներու ընտրութիւնները: Լուլա Տա Սիլվա իբրեւ փոխնախագահի թեկնածու առաջադրած էր Ճերալտօ Ալքմինի անունը: Վերջինս անդամ է Պրազիլի Ընկերվարական կուսակցութեան:

Համապետական ընտրութիւնները տեղի ունեցան երկու փուլերով: Առաջին փուլը հոկտեմբեր 2-ին էր, իսկ երկրորդը` հոկտեմբեր 30-ին: Առաջին փուլին նախագահական ոեւէ թեկնածու չկրցաւ մեծամասնութիւն ապահովել` նախագահ դառնալու համար, բայց ամէնէն շատ քուէները հաւաքողը եղաւ ձախակողմեան թեկնածու Լուիս Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվա` 48,43 առ հարիւր համեմատութեամբ, մրցակիցը` մինչ այդ գործող նախագահ Ժաիր Պոլսոնարօ ապահովեց քուէարկողներու ձայներուն 43,42 առ հարիւրը: Պոլսոնարօ ծայրայեղ աջակողմեան գաղափարներու տէր քաղաքական գործիչ մըն է, որ իր նախագահութեան նստաշրջանի նախորդ չորս տարիներուն բաւական մեծ դժգոհութիւններ ստեղծած էր իր որդեգրած քաղաքականութիւններուն շուրջ, որոնք որոշ չափով կը համընկնէին Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի ամբոխավարական քաղաքականութիւններուն:

Ընտրութիւններու երկրորդ փուլին մասնակցեցան միայն Լուլա Տա Սիլվա եւ Պոլսոնարօ: Այդքան թէժ էր ընտրապայքարը երկու մրցակիցներուն միջեւ, որ մինչեւ վերջին օրը ընկերաբանական հարցախոյզերը ձախողեցան կռահել, թէ ո՛վ յաղթական դուրս պիտի գայ այս մրցապայքարէն: Աւելի՛ն. գործող նախագահ Պոլսոնարօ քարոզչական ամէն միջոցի դիմեց ապահովելու համար նախագահական իր երկրորդ նստաշրջանը, ինչպէս նաեւ սեւցնելու համար իր մրցակիցին հանրային պատկերը` օգտագործելով վերջինիս նախապէս փտածութեան յանցանքով դատապարտուած ըլլալու հանգամանքը: Բայց ի վերջոյ յաղթականը Լուիս Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվան էր: Բաւական դժուար յաղթանակ մըն էր, բայց լաւ վաստկուած յաղթանակ էր: Դժուար էր, որովհետեւ երկու մրցակիցներուն միջեւ տարբերութիւնը նուազ քան մէկ տոկոս էր: Լուիս Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվա ապահովեց քուէարկողներուն 50,90 տոկոսը, իսկ Պոլսոնարօ` 49,10 տոկոսը: Բայց այս քիչ տարբերութիւնը, եթէ քուէարկողներու թիւերու լեզուով պիտի խօսինք, շուրջ երկու միլիոն քուէարկող է: Լուլա Տա Սիլվա ստացաւ 60.345.999 քուէ, իսկ Պոլսոնարօ` 58.206.354:

Անշուշտ Պոլսոնարօ գոհ պիտի չմնար ընտրութեան արդիւնքներէն: Անոնց հրապարակումէն կարճ ժամանակ ետք ան քանի մը յայտարարութիւն կատարեց, որ արդիւնքները ճիշդ պատկերը չեն ներկայացներ: Այդ բոլոր յայտարարութիւնները նկատուեցան սուտ առարկութիւններ: Նոյեմբեր 22-ին Պոլսոնարօ եւ իր կուսակցութիւնը Բարձրագոյն ընտրական ատեանէն պահանջեցին չեղեալ նկատել ելեկտրոնային քուէարկութեան մեքենաներու բոլոր քուէները, որոնք անձնական տուեալներու թիւեր չեն կրեր: Եթէ այդ որոշումը տրուէր, ապա Պոլսոնարօ ինք էր, որ 51 առ հարիւրով երկրորդ նստաշրջանի համար ընտրուած պիտի նկատուէր նախագահ: Բայց տեղի ունեցաւ Պոլսոնարոյի համար անսպասելին: Յաջորդ օրը Բարձրագոյն ընտրական ատեանը մերժեց ընդունիլ վիճարկումի դիմումը եւ, դեռ աւելին, Պոլսոնարոյի կուսակցութիւնը 4,3 միլիոն տոլարի տուգանքի ալ ենթարկուեցաւ:

Լուիս Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվան` ժողովուրդին կողմէ իբրեւ պարզապէս Լուլա ճանչցուած այս գործիչը, իր կեանքը սկսած է իբրեւ պարզ մետաղագործ բանուոր: Անոր անունը հետզհետէ աւելի յայտնի սկսած է դառնալ սենտիքայական գործունէութեան ընդմէջէն: Պրազիլի մէջ տիրած զինուորական բռնատիրութեան ժամանակաշրջանին` 1978 եւ 1980 թուականներուն, ան ղեկավարած է երկրի ամբողջ տարածքին ծաւալած մեծագոյն աշխատաւորական գործադուլերն ու ցոյցերը: Իր նախագահական նախորդ նստաշրջաններուն ալ ինք եւ իր գլխաւորած կառավարութիւնները իրագործած են ընկերային ուղղուածութիւն ունեցող այնպիսի արմատական բարեկարգումներ, որոնք յանգեցուցած են համախառն ներքին արդիւնքի աճին, պետական պարտքի եւ սղաճի կրճատման, ինչպէս նաեւ օգնելու, որ շուրջ 20 միլիոն պրազիլցիներ ձերբազատին աղքատութենէ:

Այս բոլորը լաւ հիմքեր եղան 2022-ի ընտրական լաւապէս վաստկուած յաղթանակին` հակառակ բոլոր փտածութեան ամբաստանութիւններուն:

 

 

Նախորդը

Ժամացոյցը

Յաջորդը

Սուրբ Ծնունդը Եւ Ծնողական Հրաշքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.