Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի:
Հանդիպումէն ետք Ասմար յայտնեց, որ քննարկած են պետական ամավարկի օրինագիծին վերաբերող թիւ 27, թիւ 33 եւ թիւ 35 յօդուածները, որոնց մասին ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարն ու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը հրամանագիր մը հրապարակեցին:
Ասմար նշեց, որ հրապարակուած այդ որոշումը մասամբ կամ ամբողջութեամբ անարդար էր ամերիկեան տոլար վաստկող պաշտօնեաներուն հաշուոյն, «հետեւաբար վարչապետի պաշտօնակատարին ներկայացուցինք առաջարկներու ցանկ մը», ըսաւ Ասմար:
Ան աւելցուց, որ Միքաթիին ներկայացուած այդ առաջարկներէն օրինակ մը իրենք յանձնած են նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Սալամէին:
Ասմար հաստատեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած են նաեւ սեփական մարզին մէջ աշխատողներու աշխատավարձի յաւելումներ կատարելու կարելիութիւնը` աւելցնելով, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն տրուած աշխատավարձի յաւելումը, որ «ընկերային օժանդակութիւն» կը կոչուի, պէտք է փոփոխութեան ենթարկել, եւ զայն վերածել աշխատավարձի յաւելումի ու անոր հիման վրայ հաշուել պետական պաշտօնեաներուն տարեկան հատուցումը:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Մասայոքի Մակուշի: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանին ու լիբանանցիներուն օժանդակելու կարելիութիւնները:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Պասսամ Պըտրան:
Նշենք, որ Միքաթի նամակ մը յղեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի` անկէ պահանջելով, որ վառելանիւթի սակերուն ճշդումը կատարուի համապատասխան շուկային հիման վրայ:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը նոյն պահանջը ստացաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատունէն:
Պէտք է աւելցնել, որ նախարարութիւնը, ընդառաջելով Միքաթիի եւ Կեդրոնական դրամատան պահանջներուն, շեշտեց, որ վառելանիւթի սակերը պիտի ճշդէ համապատասխան շուկային հիման վրայ:
ՅԵՏՄԻՋՕՐԷԻՆ Ֆայեատ անդրադարձաւ ելեկտրականութեան ընկերութիւնները բանեցնելու նպատակով վառելանիւթի նաւերուն տրամադրուելիք գումարներու հարցին` աւելցնելով, որ այս նպատակով կարիքը կայ ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ առ հաշիւ դրամ տրամադրելու արտօնութեան:
Ֆայեատ շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարութենէն առ հաշիւ գումար խնդրելու պարագային Կեդրոնական դրամատունը հաստատած է, որ ոչ մէկ արգելք ունի:


