ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 44.600 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 80.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 83.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 90.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 53.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 709.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 729.000 լ. ոսկի, մազութը` 790.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 466.000 լ. ոսկի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քապալան Քապալան յայտնեց, որ «լիբանանցի ժողովուրդը երկրին մէջ բարիք տեսած է 13 հոկտեմբեր 1990-էն մինչեւ 7 մայիս 2005, երբ Լիբանանէն հեռու կը գտնուէիք»:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Թոնի Ֆրենժիէ յայտնեց, որ տագնապէն դուրս գալ կը նշանակէ ընտրել հզօր եւ ճկուն հանրապետութեան նախագահ մը, որ բաց ըլլայ բոլորին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ քաղաքական փորձառութիւն ունենայ` երաշխաւորելով բոլոր քաղաքացիներուն իրաւունքները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ «Սայրաֆա» ե-հարթակին սակը անդադար փոփոխութեան ենթարկելու քայլը աւազակութիւն է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա այցելեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ շնորհաւորեց զայն, ինչպէս նաեւ անոր հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ապի Ռամիա Աունին ներկայացուց նաեւ Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան մանրամասնութիւնները:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան երեսփոխան Միշել Մուաուատին զօրակցելու կեցուածքին:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ նախկին նահանգապետ Զիատ Շպիպ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ մտահոգութիւններ փարատելու աղբիւր կը նկատուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնները խանգարող կողմերը բացայայտուած են. անոնք Հըզպալլան եւ անոր դաշնակիցներն են, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանքը:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցը շուրջօրեայ դրութեամբ կը հսկէ երկրին անվտանգութեան` աւելցնելով, որ իրենք կը յուսան, որ նոր սերունդը Լիբանանի վերաշինութեան եւ վերակառուցման սիւները զետեղէ:


