Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն յայտնեց, որ այս տարեշրջանին եզրափակիչ տօնական միջոցառումներ պիտի չկատարէ: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի.
«2022 տարին բացառիկ յաջող էր հայ մարզիկներուն համար:
«Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն, ինչպէս միշտ, այս տարի եւս պիտի պարգեւատրէ յաջողութեան հասած մեր մարզիկները, ինչպէս նաեւ անոնք պիտի արժանանան համապատասխան դրամական պարգեւներու:
Սակայն նկատի առնելով Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ մեր քաղաքացիներուն անկեղծ ապրումները, այս տարի որոշում տուինք հրաժարիլ տօնական ճոխ միջոցառումներէն եւ մեր մարզիկներուն պարգեւատրումը կատարել աւելի զուսպ պայմաններու մէջ:
Վստահ ենք, որ այս որոշումը ճիշդ ձեւով կ՛ընկալուի մարզաշխարհի, մարզասէրներուն եւ հանրութեան կողմէ»:


