Ճափոնի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հաժիմէ Մորիյասու պիտի շարունակէ գլխաւորել Ճափոնի ֆութպոլի ազգային խումբը:
Անոր վստահուեցաւ լաւապէս պատրաստել Ճափոնի ազգային խումբը յաջորդ Մոնտիալին համար, որ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքայի մէջ:
54 տարեկան Մորիյասու, որ իր պաշտօնը ստանձնեց օգոստոս 2018-ին, ցարդ իր կազմին հետ կատարած է 63 միջազգային մրցում, արձանագրած` 41 յաղթանակ, 8 հաւասարութիւն եւ կրած` 14 պարտութիւն:


