Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

December 28, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱԼԻՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Յարգելի՛ խմբագրութիւն «Ազդակ»-ի,

Անցնող շաբթուան ընթացքին Նոր տարուան առիթով համալսարանի մը կազմակերպած բարեսիրական նախաձեռնութեան մը առիթով ընկերուհիիս հետ միասին առաջարկեցինք, որ այդ ծրագիրէն բաժին մըն ալ տրամադրուի հայ կարիքաւորներու:

Կազմակերպիչները համաձայն գտնուեցան, եւ անմիջապէս կապ հաստատեցինք «Շաղզոյեան» կեդրոն, որպէսզի մեզի տրամադրուի քսան հոգինոց անուանացանկ մը: Շատ չանցած` արդէն այդ կարիքաւոր ընտանիքներու ցանկը բոլոր մանրամասնութիւններով եւ  կապի միջոցներով տրամադրուեցաւ մեզի: Խնդրեցինք «Շաղզոյեան»-ի պատասխանատուներէն, որ Համազգայինի ցուցասրահը քանի մը ժամուան համար տրամադրեն մեզի, որպէսզի հոն կատարենք նպաստներու բաշխումը: Յաջորդող օրերուն կապի մէջ մտանք ենթականերուն հետ եւ փոխանցեցինք մեր կատարելիք նպաստի մասին մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ` թուականը եւ վայրը:

Բարեկամուհիիս հետ ճշդուած օրը ներկայացանք ցուցասրահ` ամբողջացնելու համար մեր առաքելութիւնը:

Յանկարծ նշմարեցինք, որ այլ հայորդիներ եւս նոյն ժամուն կու գային «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ մուտքի պահակ տղաքը իրենց ցուցմունք կու տային, թէ ո՛ր յարկը պիտի բարձրանան: Հետաքրքրութեամբ հարց տուինք պատասխանատուին, թէ այս մարդիկը ինչո՞ւ հոս կու գան, եւ այն ատեն իմացանք,  որ մէկ մասը դեղորայքի համար, մէկ մասը բժշկական ու հիւանդանոցային խնամքի համար կը դիմեն Երեսփոխանական գրասենեակ եւ կը ստանան համապատասխան օժանդակութիւն, իսկ երիտասարդ ծնողները եկած են Արտակարգ իրավիճակներու մարմինի` ԿԱՄՔ-ի տրամադրած կրթական օժանդակութիւնը ստանալու: Ապշած մնացինք` մտածելով, որ եթէ մէկ ժամուան ընթացքին այսքան մարդ կու գայ, հապա ամբողջ օրուան պատկերը ի՞նչ պիտի ըլլայ:

Բարեկամուհիս, որ առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէր «Շաղզոյեան» կեդրոն, պատասխանատուին դիտել տուաւ, թէ ընկերային ցանցերու վրայ շատ յաճախ ի՛նչ յարձակումներ կը կատարուին, սուտ ու վիրաւորական խօսքեր կը գրուին համայնքին ու անոր կառոյցներու մասին, իսկ դուք ձեր աշխատանքը լռութեամբ կը կատարէք, եւ աւելցուց, որ մեր ժողովուրդը պէտք է գիտնայ ձեր իրականացուցած այս հսկայ աշխատանքը: Միջամտելով` բարեկամուհիիս ըսի, որ այս կեդրոնին կողքին կան նաեւ մեծ թիւով այլ հայկական կեդրոններ, որոնք առօրեայ դրութեամբ զանազան օժանդակութիւններ կը տրամադրեն, բայց ժողովուրդը երբեմն ապերախտ կ՛ըլլայ, եւ ատիկա մեզի համար հարց չէ:

Դեղորայքի համար Երեսփոխանական գրասենեակ ներկայացած ծերունի մայրիկ մը, որ անթացուպով հազիւ կրնար շարժիլ, վերադարձին, տեսնելով ցուցասրահի խճողումը, ներս մտաւ: Երբ իմացաւ, որ ներկաները յատուկ լուրով ժամանած են, բարեւելէ ետք, երբ կը մեկնէր, անմիջապէս մօտեցայ անոր եւ զարմանքս ու յուզումս մեծ եղաւ, երբ ծերունին յուզումով յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով կը պարտաւորուի օժանդակութեան դիմելու:

Առաջարկեցի իրեն, որ դեղորայքի ցուցակը մեզի ալ տրամադրէ, եւ մեր աշխատանքը աւարտելէ ետք ծերունիին հետ շրջագայեցանք քանի մը դեղարաններ այդ ցանկին վրայ եղող դեղերը ամբողջացնելու, դժբախտաբար, սակայն, կարգ մը դեղեր անգտանելի էին: Խոստացանք յառաջիկայ օրերուն հետապնդումը շարունակել: Ծերունիին հետ վերադարձին բարձրացանք իր յարկաբաժինը, որպէսզի մեր կողմէ տրամադրուած նպաստը նաեւ մենք հասցնենք: Հոն տեսանք աներեւակայելին. այս ընտանիքը իր կահ կարասիներուն մեծ մասը ծախած էր, որպէսզի իր առօրեայ անհրաժեշտ սնունդը ապահովէ:

Այս բոլորը ուզեցի գրել` առաջարկելով բոլորիս, որ Նոր տարուան առիթով,  նոյնիսկ համեստ մեր կարելիութիւններով անպայման փորձենք ուրախացնել կարիքաւոր մը, որ մեզի նման ապրելու իրաւունք ունի:

Իսկ երկրորդ` իսկապէս գնահատելու համար «Շաղզոյեան» կեդրոնի գործունէութիւնը մեր ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու իմաստով:

Մեր բոլորին համեստ մասնակցութեամբ վստահաբար մեր համայնքի կարիքներուն կրնանք հասնիլ:

 

 

Նախորդը

Ս. Ստեփանոսի Տօնին Առիթով Հաւատացեալներ Ստացան Սուրբին Մասունքին Օրհնութիւնը

Յաջորդը

Մահացաւ Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Հետ Աշխարհի Ախոյեան Հանդիսացած Ճորճ Քոհեն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.