Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Հիւսիսային Ամերիկայի բաժանմունքի տնօրէն Ալեքսանտր Տարչիեւ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները «մահամերձ վիճակի մէջ են»:
Մեկնաբանելով Քոնկրեսի Ծերակոյտին կողմէ Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի պաշտօնի հաստատումը` ռուս դիւանագէտը կարեւոր նկատած է դեսպանի կողմնորոշումը առ այն, որ «ոչ թէ պէտք է վատթարացնել յարաբերութիւնները, որոնք առանց ատոր ալ կը գտնուին մահամերձ վիճակի մէջ, այլ պահպանել զանոնք գոնէ ներկայ մակարդակին վրայ»:
«Լաւ պիտի ըլլայ, եթէ Թրէյսին փորձէ զանոնք աւելի բարելաւել», նշած է Տարչիեւ:
Ռուս դիւանագէտը նաեւ նշած է, որ Մոսկուային կը մնայ յուսալ, որ Ուաշինկթըն երկու երկիրներուն ուղիղ բախման պիտի չբերէ, հակառակ պարագային դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումը կրնայ իրականութիւն դառնալ` ատկէ բխող բոլոր հետեւանքներով:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը 21 դեկտեմբերին հաստատած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակից, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Լին Թրէյսին` իբրեւ Ռուսիոյ մէջ դեսպան:


