Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրկին դիմած է միջազգային հանրութեան` Արցախի ապաշրջափակման համար համարժէք գործիքակազմ կիրարկելու խնդրանքով:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է.
«Դեկտեմբերի 12-ից Ազրպէյճանը փակել է Արցախը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ ճանապարհը` ապօրինաբար շրջափակելով Արցախը եւ արհեստականօրէն ստեղծելով ծանր մարդասիրական պայմաններ Արցախի 120 հազարնոց բնակչութեան համար:
Շրջափակման պատճառով խախտւում են Արցախի ժողովրդի հիմնարար իրաւունքները: Մարդիկ զրկուած են ազատ տեղաշարժի, պատշաճ բուժօգնութիւն ստանալու իրաւունքից եւ կենսական նշանակութեան ապրանքների մատակարարումից:
Ստեղծուած իրավիճակը Ազրպէյճանի կողմից տարիներ շարունակ վարուող հայատեաց քաղաքականութեան տրամաբանական շարունակութիւնն է:
Արցախի արտաքին գերատեսչութիւնը շրջափակման օրուանից առ այսօր բազմաթիւ նամակ-դիմումներ է յղել տարբեր երկրների եւ միջազգային կազմակերպութիւնների` հաւաստի տեղեկատուութիւն տրամադրելով ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ եւ հայցելով համապատասխան աջակցութիւն` Արցախի ապաշրջափակման համար:
Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը մարտահրաւէր է ողջ քաղաքակիրթ աշխարհին եւ անվերապահօրէն պէտք է արժանանայ կոշտ արձագանգի»:


