Եւրոպական Միութիւնը այսօր Հարաւային Կովկասի մէջ իր ներգրաւուածութեան նոր փուլի կը սկսի` նոր, անցումային խումբով, որ հիմեր պիտի ստեղծէ Հայաստանի մէջ հաւանաբար առաւել երկար ժամկէտով Եւրոպական Միութեան առաքելութեան տեղակայման համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել:
Ան ընդգծած է, որ այդ առաքելութեան նպատակն է ի վերջոյ նպաստել կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը նաեւ յայտարարած է. «Եւրոպական Միութեան 40 հոգինոց անզէն առաքելութիւնը տեղակայուած էր Հայաստանի մէջ` Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ, հոկտեմբերի սկիզբը Փրակայի մէջ տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպումէն ետք: Սկիզբէն յայտարարուած էր, որ անիկա պիտի աշխատի երեք ամիս, եւ անոր ժամկէտը աւարտած էր այսօր (19 դեկտեմբերին, «Ա.»): Առաքելութեան նպատակն էր դիտարկել, վերլուծել եւ Պրիւքսելին տեղեկացնել տեղւոյն վրայ տիրող կացութեան մասին:
«Անցած եռամսեայ ժամկէտի ընթացքին առաքելութեան որեւէ զեկուցում չէ հրապարակուած: Հայկական կողմը, սակայն, բարձր գնահատած է անոր արդիւնաւէտութիւնը»:


