Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Գործերու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Այցելեց Նաքուրա

December 15, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործերու խորհրդարանական յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին յանձնախումբի նախագահ Ֆատի Ալամէ եւ երեսփոխաններ Փիեռ Ապու Ասի, Էլիաս Ըսթֆեն, Էլիաս Խուրի, Նասեր Ժապեր, Նաամաթ Աֆրամ եւ Սելիմ Սայէղ, այցելեց հարաւային Լիբանան:

Առաջին այցելութիւնը կատարուեցաւ լիբանանեան բանակի «Պանու Պարաքաթ» զինուորական կեդրոնին, որ կը գտնուի Սուրի մէջ: Լիթանիի հարաւային շրջանի լիբանանեան բանակի պատասխանատու գնդապետ-զօրավար Մարուն Քըպայյաթի ընդունեց պատուիրակութիւնը եւ անոր ներկայացուց շրջանին մէջ բանակին գործունէութիւնը:

Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Նաքուրա, ուր ընդունուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ `ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր

հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոյի կողմէ:

Աւելի քանի կէս ժամ տեւած դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին զօր. Լազարօ բացատրեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը, յատկապէս` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու առումով: Ան անդրադարձաւ նաեւ այն իրականութեան, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը միշտ կը գործակցին լիբանանեան բանակին հետ:

Զօր. Լազարօ ողջունեց եւ բարձր գնահատեց լիբանանեան իշխանութիւններուն ճիգերը` երաշխաւորելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան գործադրութեան յարմարաւէտ պայմանները:

Իր կարգին, Ֆատի Ալամէ հաստատեց, որ նման այցելութիւններ պիտի շարունակուին` աւելցնելով, որ հանդիպումին ընթացքին իրենք հաստատած են, որ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ցամաքային, օդային եւ ծովային ոտնձգութիւնները պէտք է դադրին եւ կասեցուին:

Ալամէ ընդգծեց, որ Լիբանան իրաւունք ունի իր բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու: Ան դրուատեց Լիբանանի ծովային սահմանագծումի համաձայնագիրին ստորագրութիւնը եւ Լիբանանի համար անոր ունենալիք տարբեր արդիւնքները, յատկապէս` տնտեսական մարզին մէջ:

 

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. «Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերող Միջազգային Եւ Արաբական Հաղորդակցութիւնները Յոյս Կը Ներշնչեն»

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ. Ֆայեատ Հանդիպումներ Ունեցաւ Ֆրանսացի Պատասխանատուներու Հետ

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ.  Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի  Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ. Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»

September 23, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը  Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»
Լիբանանեան

Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»

September 23, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն,  Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական  Հեռացման Յանգեցնեն»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն, Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական Հեռացման Յանգեցնեն»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.