Ուաշինկթըն մշտապէս կեդրոնացած եղած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ երկու երկիրները կայուն լուծման ուղիի վրայ դնելու անհրաժեշտութեան վրայ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:
Փրայս պատասխանած է լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Ուաշինկթըն կը հետեւի՞ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած կացութեան, հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն հետ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին զրոյցներուն եւ արեւմտեան եւրոպացիներու այս առնչութեամբ մտահոգութիւններուն:
«Մենք հետեւողականօրէն կեդրոնացած ենք այս մարտահրաւէրի, լարուածութեան թուլացման, այս երկու երկիրները կայուն, համապարփակ լուծման ուղիի վրայ դնելու անհրաժեշտութեան վրայ: Մենք այստեղ` Ուաշինկթընի մէջ, կազմակերպեցինք այս երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպումը: Նոյնը ըրինք Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ: Բացի ատկէ, մեր աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըր եռանդուն կերպով ներգրաւուած է երկու երկիրներու պաշտօնատարներուն հետ երկխօսութեան մէջ` համոզուելու, որ մենք կ՛ընենք այն ամէնը, ինչ որ կրնանք ընել, եւ ամէնէն կարեւորը, որ այս երկու երկիրները կ՛ընեն ամէն բան, որպէսզի այդ լարուածութիւնը նուազի», ըսած է Նետ Փրայս:


