Չինաստանի նախագահ Շի Չինփինկ երէկ եռօրեայ այցելութեամբ հասաւ Սէուտական Արաբիա:
Չինաստանի կեդրոնական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Չինաստանի նախագահը անձնական օդանաւով հասած է Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատ` աւելցնելով, որ ան պիտի մասնակցի չին-արաբական առաջին վեհաժողովին եւ պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Սէուտական Արաբիա:
Սէուտական լրատուամիջոցներ նախապէս հաղորդած էին, որ Չինաստանի նախագահի այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի աւելի քան 29 միլիառ տոլարի հասնող պայմանագիրներու եւ համաձայնութիւններու ստորագրութիւն, ինչպէս նաեւ քաղաքական համաձայնութիւններու գոյանում:
Ըստ փորձագէտներու, Չինաստանի նախագահին Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ ամերիկեան ազդեցութեան ուժեղ հարուած մը պիտի ըլլայ:


