Յատկապէս վերջին շրջանին Իրան յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է Հայաստանի Սիւնիքի մարզին վրայ, որուն քսանմէկ քիլոմեթր երկարութեամբ Իրանի հետ սահմանը Թեհրանի իշխանութիւններուն համար ցամաքային կենսական անցք մըն է դէպի Ռուսիա եւ հիւսիսային Եւրոպա: Իրանեան իշխանութիւնները ոչ մէկ առիթ կը փախցնեն յիշեցնելու եւ վերահաստատելու, որ բացարձակապէս կը մերժեն Հայաստանի հարաւային սահմանին որեւէ փոփոխութիւն, որ կրնայ յառաջանալ Թուրքիա- Ազրպէյճան ճակատին ծաւալապաշտական ծրագրերուն պատճառով:
Իրանի համար Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն առաջնահերթութեան նորագոյն շեշտադրումը կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատաշխան Զոհուրիի կողմէ, որ Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աննա Վարդապետեանի հետ իր հանդիպման ընթացքին շատ յստակ բնութագրեց Իրանի համար Սիւնիքի մարզին կարեւորութիւնը, երբ շեշտեց,որ ոչ մէկ պետութիւն մարզին նկատմամբ որեւէ նկրտում պէտք է ունենայ: Իրանցի դեսպանին այս յայտարարութիւնը կ՛իյնայ Սիւնիքի մէջ միջանցք պահանջող Ազրպէյճանի դիրքորոշումը մերժող իրանեան յստակ քաղաքականութեան ծիրին մէջ,ուր հարաւկովկասեան քաղաքական միւս դերակատարներուն` Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ուղղուած որոշ պատգամներ կը գտնուին: Թուրքիա, որ իր համաթուրանական ծրագրին իրականացման համար մեծ յոյսեր կապած է, այսպէս կոչուած, Զանգեզուրի միջանցքին, ստացած է իրանեան պատգամը եւ առ այդ կը գիտակցի, որ նման միջանցք թուրքեւիրանեան ոչ սառն-ոչ բարեկամական յարաբերութիւնները կրնան վատթարանալ: Ռուսիա, իր կարգին, կը գիտակցի, որ որեւէ սակարկութիւն Հայաստանի Սիւնիքի մարզին վերաբերեալ, պիտի բախի իրանեան մերժողական կեցուածքին:
Իրանի համար Սիւնիքը կենսական շրջան մըն է, որ կրնայ կեդրոնական դերակատարութիւն ունենալ իրանեան տնտեսական եւ քաղաքական շահերուն համար: Սիւնիքը իրանեան իշխանութիւններուն համար նաեւ պաշտպանողական պատ մըն է իսրայէլեան ներկայութեան դէմ, որուն մասին կը խօսին անկախ աղբիւրներու կողմէ չհաստատուած այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, շուրջ հազար իսրայէլացի գործակալներ կը գտնուին Ազրպէյճանի Կապալայի օդուժի խարիսխին մէջ: Կապալայի ռատարի կեդրոնը, որ կառուցուած է նախկին խորհրդային օրերուն, 2012-ին փակուեցաւ եւ վերածուեցաւ ազրպէյճանական օդուժի խարիսխներէն մէկուն: Դարձեալ չհաստատուած տեղեկութիւններու համաձայն, իսրայէլեան անօդաչու սարքերը, որոնք Ազրպէյճանի վաճառուած են, թռիչք կ՛առնեն Կապալայէն: Իրան բնականաբար բաւական մտահոգուելու պատճառ ունի, եւ Սիւնիքի մարզին ռազմավարական կարեւորութիւնը այս պարագային առաւել քան կը շեշտուի իրանեան կողմին համար:
Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճան-Իսրայէլ համագործակցութեան, նախագահ Իլհամ Ալիեւ 2016-ին գոհունակութեամբ յայտարարած էր, որ Իսրայէլի հետ տնտեսական եւ զինուորական գործակցութիւնը հինգ միլիառ տոլարի հասած է: Նոյն տարին Ազրպէյճան ստացաւ, այսպէս կոչուած, «անձնասպանական տրոն»-ը, որ առաջին անգամ ըլլալով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին գործածուեցաւ հայկական ուժերուն դէմ: Օրին այս տեղեկութիւնը հաստատուած եւ հրապարակուած է ամերիկեան հեղինակաւոր «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին կողմէ, որ նման անօդաչուի գործածութիւնը անուանած է «Առաջին պարագան նման զէնքի մը գործածութեան»:
Իրան Իսրայէլ-Ազրպէյճան գործածութիւնը կը համարէ իրական սպառնալիք մը, որ ուղղուած է իր ապահովութեան դէմ, եւ համոզուած է, որ Ազրպէյճան իսրայէլացի գործակալներու համար ամէնէն յարմար վայրն է, ուրկէ կրնան հետախուզական աշխատանքներ կազմակերպել եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ զինուորական հարուածներու նախածրագրում կատարել:
Իրանի իշխանութիւնները նաեւ կը գիտակցին, որ Իրանի հիւսիսը արձանագրուող ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները եւ ստեղծուած իրավիճակները ուշադրութեան առարկայ չդարձնելը կրնայ իրանեան դերակատարութեան տկարացման առաջնորդել: Իրանցիք նաեւ կը համարեն, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան Ազրպէյճանն ու Թուրքիան շահագործել Հարաւային Կովկասի մէջ իրենց աւանդական երկու թշնամիներուն` Ռուսիոյ եւ Իրանի դերակատարութիւնը եւ ազդեցութիւնը տկարացնելու համար: Այս իրողութիւններուն լոյսին տակ Իրանի համար չափազանց կարեւոր է Հայաստանի հետ սահմանին պահպանումը:



