Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Թոպիաս Պիլսթրիոմ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումէն ետք չէ կրցած հաստատել, որ իր երկիրը 2023 թուականին պիտի միանայ ՕԹԱՆ-ին, սակայն յայտարարած է յառաջընթացի գոյութեան մասին:
«Չեմ ուզեր որոշակի ժամանակ նշել: Անմիջապէս որ (Շուէտի եւ Ֆինլանտայի կողմէ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան համար Անգարայի բոլոր պահանջներուն մասին) եռակողմ յուշագիրի բոլոր պայմանները կատարուին, մենք պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս տեղի պիտի ունենայ (ՕԹԱՆ-ին Շուէտի եւ Ֆինլանտայի անդամակցութեան մասին արձանագրութեան) վաւերացումը թրքական խորհրդարանին կողմէ», ըսած է շուէտացի նախարարը, որ Պուքրեշի մէջ կը մասնակցէր ՕԹԱՆ-ի նախարարական հանդիպումի երկրորդ նստաշրջանին:
«Ըստ էութեան, մենք շատ լաւ հանդիպում ունեցանք Թուրքիոյ, Ֆինլանտայի եւ Շուէտի միջեւ: Ես կը զգամ, որ յառաջընթաց կայ, մենք կը շարժինք եռակողմ յուշագիրի կատարման ուղղութեամբ», աւելցուցած է ան:


