Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեան Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներու Հետ Քննարկած Է Արցախի Մէջ Բնիկ Հայ Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքների Ոտնահարման Հարցը

December 2, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան եւրոպական երկիրներ աշխատանքային այցելութեան շրջանակներուն մէջ 28-30 նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ, խորհրդարանին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբերի անդամներ Ֆրանսուա Ալֆոնսիի, Քոսթաս Մաւրիտեսի, Քլարա Փոնսաթիի եւ Եուոզաս Օլեքասի հետ: Հանդիպումներ տեղի ունեցած են նաեւ Պելճիքայի Ծերակոյտին մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներ Մարք Տեմեսմայքերի եւ Ալեսիա Քլասի, ինչպէս նաեւ պաշտօնաթող նախարար, ներկայիս Պրիւքսելի խորհրդարանի երեսփոխան Ալտա Կրէոլիի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Դաւիթ Իշխանեան բարձրացուցած է Արցախի եւ առհասարակ շրջանին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ 2020 թուականին սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքներուն հարցը: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը խօսած է Արցախի մէջ բնիկ հայ ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքների ոտնահարման եւ ցեղային զտումներու վտանգի մասին, առանձայատուկ առումով կարեւոր նկատուած են Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ անոր իրագործումը:

Իշխանեան անդրադարձած է նաեւ ազրպէյճանական զինուած ուժերու ներխուժման, մասնաւորապէս սեպտեմբերի կիսուն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ սանձազերծուած ռազմական նախայարձակումին:

Դաւիթ Իշխանեան բարձր գնահատած է Արցախի հիմնախնդիրի մասին բարձրաձայնելու եւրոպացի երեսփոխաններու ջանքերը յատկապէս Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, ինչպէս նաեւ Ֆլամանտական, Վալոնական եւ Պրիւքսելի շրջանային խորհրդարաններուն մէջ: Իշխանեան կարեւոր նկատած է գործնական քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը` Եւրոպական Միութեան իշխանութեան գործադիր մարմինը ուղղորդելու եւ ճնշում գործադրելու, ինչպէս նաեւ հակամարտող կողմերուն միջեւ հաւասարութիւն դնելու քաղաքականութեանը վերջ տալու ուղղութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան պատգամաւորը կարեւոր նկատած է յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը ինչպէս համաեւրոպական մակարդակով, այնպէս ալ եւրոպական երկիրներուն մէջ խորհրդարանական ուժերու հետ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանի այցելութիւնը եզրափակուած է Պելճիքայի հայ համայնքի ներկայացուցչական մարմիններու անդամներու հետ հանդիպումով:

 

 

Նախորդը

Լաւրով. «Ֆրանսան Ու Միացեալ Նահանգները Թաղած Են Մինսքի Խմբակը, Իսկ Հիմա Կը Փորձեն Միջամտել Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Ռուսիոյ Միջնորդական Ջանքերուն»

Յաջորդը

Ակնարկ. Պաքուն Ինչո՞ւ Կը Կրակէ

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.