Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվար Միջազգայնականի Համագումարը Ազրպէյճանը Դատապարտող Բանաձեւ Ընդունած Է

November 29, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, 25-27 նոյեմբերին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստը եւ համագումարը, որուն կը մասնակցէին շուրջ 80 երկիրներէ մօտ 400 պատուիրակներ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը նախապէս ներկայացուցած էր ղարաբաղեան տագնապին վերաբերող եւ Հայաստանի նկատմամբ ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը դատապարտող բանաձեւ, որ համագումարին կողմէ ընդունուեցաւ 27 նոյեմբերին:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ տագնապին վերաբերեալ» բանաձեւով Ընկերվար միջազգայնականը` հաշուի առնելով 2021 թուականի մայիսէն Հայաստանի տարածքին մէջ ազրպէճանական ռազմական գործողութիւնները` մասնաւորապէս քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու եւ բնակավայրերու նկատմամբ, կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին զօրքերը դուրս բերելու Հայաստանի տարածքէն: Բանաձեւով նաեւ կը դատապարտուի որեւէ երրորդ կողմի մասնակցութիւնը տագնապին:

Ընկերվար միջազգայնականը նաեւ դատապարտած է հայ ռազմագերիներու կալանաւորումներն ու կտտանքները` պահանջելով գերիներու ու պահուող անձերու անյապաղ ու անվերապահ ազատ արձակումը:

Համագումարը ըստ էութեան ընդունած է, որ ղարաբաղեան տագնապը լուծուած չէ, արձանագրած է, որ Ընկերվար միջազգայնականը տեւական ժամանակ ներգրաւուած եղած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին մէջ եւ, որ տագնապը չի կրնար ունենալ ռազմական լուծում: Ընկերվար միջազգայնականը կարեւոր նկատած է ղարաբաղեան տագնապի լուծումը` շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ եւ անգամ մը եւս կոչ ուղղած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ պետութիւններուն ու առհասարակ միջազգային հանրութեան շարունակելու ջանքերը առարկայական բանակցութիւններու համար:

Համագումարը նաեւ ընդունած է շարք մը այլ բանաձեւեր` համերաշխութիւն յայտնելով աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ տագնապներու զոհ դարձող կողմերուն:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, արտաքին քաղաքականութեան իր բոլոր կարելիութիւններով, այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու շահերու միջազգային պաշտպանութեան ուղղուած աշխատանքները:

Նախորդը

Ազրպէյճանը Սեպտեմբերեան Մարտերուն Զոհուած 13 Հայ Զինուորի Աճիւն Փոխանցած Է

Յաջորդը

Ակնարկ. Քաղաքական Գնահատականի Բացակայումը Եւ Պրիւքսելի Հանդիպման Չեղարկումը

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.