Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լը Փուան» Կը Քննադատէ Թուրքիոյ Նկատմամբ Արեւմուտքի Ձեռնածալութիւնը

November 25, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսական «Լը Փուան» օրաթերթի փոխխմբագիր Էթիեն Ժեռնել օրաթերթի 24 նոյեմբերի թիւի խմբագրականին մէջ «Մսավաճառ Էրտողանն ու քնաշրջիկ Արեւմուտքը» խորագիրով իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «Մրափը Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ մահաբեր սովորութիւն կը դառնայ»:

Ան կը նշէ, որ Թուրքիոյ նախագահը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քրտական դիրքերու ռմբակոծումին ձեռնարկած է եւ կը խոստանայ այդտեղ կանգ չառնելով ցամաքային գործողութեան ձեռնարկել: Այս բոլորին մէջ ամէնէն աչքառուն նկատելով անոր այն յայտարարութիւնը, թէ այդ առնչութեամբ Ճօ Պայտընի կամ Վլատիմիր Փութինի հետ «որեւէ քննարկում» չէ կատարած: Խմբագրականի հեղինակը կը յայտնէ, որ ատիկա Ուաշինկթընի համար յաւելեալ վարկաբեկում մըն է:

Ան կը գրէ, որ Էրտողան 2018-ին ուղղակի քիւրտերուն դէմ միջամտութիւն կը կատարէ: Ժիհատական միլիսներու օգնութեամբ Աֆրինը կը գրաւէ, սակայն Արեւմուտքը լուռ կը մնայ: Ան կը սպառնայ ՕԹԱՆ-ի անդամ Յունաստանին, տէր կը կանգնի օսմանական կայսերական անցեալին, Եգէականի մէջ ծովային պատերազմի խաղ կը խաղայ, կը հովանաւորէ Իսլամ եղբայրները, կ՛աջակցի Ազրպէյճանի` «իր միւս մեծ ատելութեան»` Հայաստանի վրայ յարձակումին, սակայն Արեւմուտքի մէջ ոչ մէկ շարժում: Եւ երբ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի միացումին դէմ պայման կը դնէ իրեն յանձնել իր քաղաքական ընդդիմախօսները, դարձեալ հակազդեցութիւն չ՛ըլլար:

Ան խմբագրականը կ՛եզրափակէ Արեւմուտքը նմանցնելով «տկար ու մոլորած» մարդու մը:

Նախորդը

Քոսովոն Եւ Սերպիան Ինքնաշարժներու Թիւերու Հարցին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցին

Յաջորդը

Ըստ ԱՖՓ-ի. Թուրքիան Հարուածած Է Սուրիոյ Հիւսիսը Գտնուող Ռուսական Ռազմակայաններէն Մէկը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.