Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիոյ Գերագոյն Դատարանը Սկովտիոյ Կառավարութեան Արգիլած Է Անկախութեան Հանրաքուէ Կատարել

November 24, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ Գերագոյն դատարանը վճռած է, որ Սկովտիոյ կառավարութիւնը չի կրնար միակողմանիօրէն Բրիտանիայէն անջատուելու վերաբերեալ երկրորդ հանրաքուէ կատարել: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով «Սի.Էն.Էն.»-ին:

Սկովտիոյ ազգային կուսակցութիւնը կը փորձէր յաջորդ հոկտեմբերին հանրաքուէ կատարել, սակայն դատարանը միաձայնութեամբ մերժած է այդ դիմումը, որովհետեւ հանրաքուէի կատարումը Բրիտանիոյ խորհրդարանին կողմէ հաւանութեան չէ արժանացած:

Սկովտիան վերջին անգամ քուէարկութիւն կատարած էր 2014 թուականին` Բրիտանիոյ խորհրդարանին հաւանութեամբ: Սկովտիացիները ձայներու 55-45 առ հարիւր յարաբերակցութեամբ մերժեցին Բրիտանիայէն անկախանալու գաղափարը:

Անկախութեան կողմնակից Սկովտիոյ ազգային կուսակցութեան ղեկավարները խոստացած են սկովտիացի ընտրողներուն քուէարկելու յաւելեալ կարելիութիւն տալ, յատկապէս այն բանէն ետք, երբ 2016 թուականին Բրիտանիան քուէարկեց Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու օգտին:

Սկովտիոյ կառավարութեան ղեկավար Նիքոլա Սթըրճըն յայտնած է, որ կը յարգէ դատարանի որոշումը` հակառակ անոր որ հիասթափուած է:

«Օրէնքը, որ Սկովտիոյ կ՛արտօնէ ընտրել մեր սեփական իշխանութիւնը առանց Ուեսթմինիսթըրի համաձայնութեան, ցոյց կու տայ, որ առասպել է գաղափարը, թէ Բրիտանիան կամաւոր գործընկերութիւն է, եւ կ՛ապացուցէ, որ անկախութեան անհրաժեշտութիւն կայ», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Սթըրճըն:

Անգլիան եւ Սկովտիան քաղաքական միութեան մէջ միաւորուած են 1707 թուականէն, սակայն, «Սի.Էն.Էն.»-ի պնդումով, սկովտիացիներէն շատերը ատիկա կը նկատեն միակողմանի յարաբերութիւն, ուր Անգլիան կը գերիշխէ:

Նախորդը

«Գերմանիան Կ՛ուզէր, Որ Ուքրանիան Արագ Պարտուէր, Ֆրանսան Մինչեւ Վերջին Պահը Կը Ժխտէր, Իտալիան Չէր Ուզեր Աջակցիլ» Կ՛ըսէ Ճոնսըն

Յաջորդը

Ալիեւ Այցելեց Սերպիա

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.