Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 18, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ հաւաստեց, որ հակառակ կարգ մը շրջաններու մէջ բնակիչներու տեղափոխումը ապահովական նկատառումներով, այսուհանդերձ կայունութիւնը խախտող մտահոգիչ խլրտումներ անհաւանական են եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ է: Այս մասին կատարած իր յայտարարութեամբ Սլիմ նաեւ անդրադարձաւ գործօն թէ հանգստեան կոչուած զինուորականներու կացութեան` հաստատելով, որ անոնց ամսաթոշակներու եւ ընկերային յարակից յաւելումները պիտի հատուցուին բոլորին առանց խտրութեան:

ՇԵՔՔԱՅԻ մէջ 15-ամեայ պատանի մը` Պ. Թ. անուան սկզբնատառերով զոհ գնաց, երբ սխալմամբ ինքզինք հարուածեց պատերազմական ատրճանակով  խաղալու ընթացքին:

ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ նախարարութեան աղբիւրներ երէկ հերքեցին այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, պետական պաշտօնաթերթին մէջ պետական պիւտճէի, ամավարկի հրապարակումով ի զօրու կը դառնայ նաեւ մաքսատուրքերու նոր սակագինը` 15 հազար լիբ. ոսկին: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, նշեալ մաքսատուրքը առայժմ յետաձգուած ու առկախուած է: Նշենք, որ առեւտրականներ խուժած էին սպառողական արտադրութիւններու մեծաքանակ գնումներ կատարելու` փորձելով կանխել 15 հազար լիբ. ոսկիի մաքսատուրքի նոր արժէքի շրջանառութեան հետեւանքները:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար երէկ «աղիտալի» որակեց ելեկտրական ընկերութեան հաստատած ու գանձելիք բաժանորդագրութեան նոր սակերը: Ասմար այս յաւելումը վերագրեց ամերիկեան տոլարի սակագինի «սաւառնումին», որ սակայն պէտք չէ ըլլայ ի հեճուկս լիբանանցիի օրապահիկին:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ երէկ շարունակեց երկրին մէջ տիրող «Քորոնա» թէ քոլերա ժահրային պայմաններու դիմակայման կանխազգուշական քայլերուն հետեւելու իր ճիգերը: Այս գծով ան յատկապէս մօտէն հետաքրքրուեցաւ Աքքարի եւ մերձակայքի, յատկապէս` սուրիացի տեղահանուածներու  եւ յարակից վարժարաններու մէջ տիրող կացութեամբ: Նոյն ծիրին մէջ Ապիատ յայտնեց, թէ քոլերայի ժահրը յիշեցնող «Ռոթա» մանրէին դէմ պատուաստի տարբերակներու գործածութիւնը արտօնած է` իբրեւ անմիջական փրկութեան միջոց:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին յայտնեց, թէ նախարարութիւնը յաջողած է իննսուն առ հարիւր համեմատութեամբ նուազեցնել անտառային հրդեհներու վտանգը` անցնող երեք տարիներու հետ բաղդատելով :

ԵՐԹԵՒԵԿԻ ծառայութեան նոր գինը տոլարի արժեգինի համաձայն բարձրացած է ութսուն հազար լիբ. ոսկիի, ինչ որ խոր ցասումի մղեց քաղաքացիներն ու առնչակից մարմինները: Կարգ մը աղբիւրներ հերքեցին այս սակին վերջնական ըլլալը`  նշելով, որ անիկա կրնայ վերատեսութեան ենթարկուիլ:

 

 

Նախորդը

«Ուքրանիան Եւ Լեհաստանը Փորձած Են Բախում Հրահրել Ռուսիոյ Եւ ՕԹԱՆ-ի Միջեւ Ուղղակի» Կ՛ըսէ Նեպենզիա

Յաջորդը

Յաջորդ Նիստը Յառաջիկայ Հինգշաբթի Ճշդելով` Խորհրդարանը Վեցերորդ Անգամ Ըլլալով Չկրցաւ Ընտրել Լիբանանի Նոր Նախագահ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.