Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է 2024 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու իր մտադրութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:
Անոր օգնականները պաշտօնական դիմում ներկայացուցած են ընտրութիւններուն մասնակցելու համար, իսկ նախկին նախագահը անձամբ դիմած է Ֆլորիտայի մէջ հաւաքուած իր համակիրներուն:
«Ամերիկայի վերադարձը հիմա կը սկսի», յայտարարած է Թրամփ:
Ան հպարտութեամբ նկարագրած է Սպիտակ տան մէջ իր անցուցած քառամեայ շրջանը:
«Այդ կարճ չորս տարիներու ընթացքին բոլորը հիանալի կը գործէին. բոլորը բարգաւաճեցան այնպէս, ինչպէս երբեւիցէ», ըսած է Թրամփ:
Թրամփ նաեւ նշած է, որ մինչեւ իր պաշտօնը լքելը, տնտեսութիւնը արագօրէն կը վերականգնէր «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով յառաջացած տնտեսութեան դանդաղումէն:
«Հիմա մենք անկում ապրող երկիր ենք», շարունակած է ան` յիշելով երկրին մէջ սղութեան կտրուկ աճը, որ հասած է վերջին 40 տարուան ընթացքին իր բարձրագոյն մակարդակին:
Թրամփ նաեւ քննադատած է Միացեալ Նահանգներու ներկայ նախագահը այն բանին համար, որ, իր կարծիքով, երկիրը հասցուցած է հիւլէական պատերազմի շեմին` Ուքրանիոյ տագնապը լուծելու անկարողութեան պատճառով:
«Ամերիկան կրկին մեծ ու փառաւոր դարձնելու համար այսօր ես կ՛առաջադրեմ իմ թեկնածութիւնս Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին», յայտարարած է ան բուռն ծափահարութիւններու ներքեւ:
Թրամփի համաձայն, իրեն համար չափազանց դիւրին է խօսիլ ամբոխի առջեւ, «երբ շրջապատին մէջ այդքան սէր կայ»:
Ան խոստացած է, որ այսուհետեւ մինչեւ 2024 թուականի ընտրութիւններու օրը, ինք պիտի պայքարի այնպէս, ինչպէս պատմութեան մէջ ոչ ոք պայքարած է:
«Մենք պիտի յաղթենք Դեմոկրատական կուսակցութեան արմատական ձախերուն, որոնք կը փորձեն ներսէն քանդել մեր երկիրը», եզրափակած է ան:


