Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. Երրորդութիւնը

November 17, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ երրորդութեան` Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ռոստոմի եւ Սիմոն Զաւարեանի անհատականութիւններուն մասին հրաշալի գրութիւններ ունի երրորդութեան կենդանագիրը` Սիմոն Վրացեան, որ «ՀՅԴ յուշապատում»-ին մէջ ստորագրած  իր գրութիւններուն մէջ լաւագոյնս կը ներկայացնէ ՀՅԴ երրորդութիւնը:

Քրիստափոր: Ֆիզիքականով տկար, բայց զարմանալիօրէն տոկուն եւ աշխատասէր այս անձը, ինչպէս կը նկարագրուի Սիմոն Վրացեանի կողմէ, մտքով եւ հոգիով խորունկ ովկիանոսի մը նման է, մտածումներով եւ զգացումներով զուսպ եւ հանդարտ է խաղաղ օրերուն, իսկ բուռն ու մոլեգին` փոթորիկին ընթացքին: Սակաւախօս մըն է, բայց երբ խօսի, անոր խօսքը խոր ազդեցութիւն կը ձգէ: Վրացեան կը վկայէ, որ Քրիստափոր եղած է անանձնական, համեստ եւ քիչով գոհացող` իր անհատական կեանքին մէջ: Կազմակերպական տաղանդի տէր` Քրիստափոր իրաւամբ ստացած է «մարդակերտ» կոչումը:

Քրիստափորի սերտ գործակիցներէն Միքայէլ Վարանդեան զայն կը համարէ գործի մարդը, որ` «Կուռ տրամաբանող է, ընդհանրապէս պաղ, զուսպ, հաւասարակշռուած, ներսը, սակայն, հրաբուխ, ազնիւ կիրքի խորանդունդ ծով մը, որ շարունակ կ՛ալեկոծուէր եւ դէպի գործ կը մղէր»:

Վիպասան Շիրվանզադէի համաձայն, «Բաւական էր, որ Քրիստափոր սեւ յօնքերը բարձրացնէր եւ ակնոցներուն տակէն նայէր հանդիպողին` ժպտուն դէմքով: Մարդը արդէն յաղթուած էր»:

Վրացեան կ՛եզրակացնէ. բնութիւնը Քրիստափորը ստեղծած էր ղեկավար եւ առաջնորդ ըլլալու համար:

Սիմոն Զաւարեան: Նկարագրով եւ անհատականութեամբ Քրիստափորի ճիշդ հակապատկերն է Զաւարեան, որ ջիղ ու կիրք, ըմբոստ եւ ալեծուփ ոգի մըն է: Զաւարեանի մօտ սիրտը աւելի տիրական է, քան միտքը, հակառակ անոր որ հզօր մտքի տէր անձ մը եղած է: Վրացեան կը գրէ. «Անիշխանական երեւալու չափ ծայրայեղ գաղափարներով եւ յաճախ անհանդուրժող` ուրիշներու հանդէպ: Անզուսպ եւ խարազաննող` սխալ կարծած գործերը եւ բարքերը քննադատելու ժամանակ: Բայց եւ այնպէս` զարմանալիօրէն մարդկային եւ  ընկերական, ջերմ եւ մտերիմ, անհատական յարաբերութիւններու ընթացքին:

Զաւարեան ուրիշները կը չափէր այն չափով, որ ինքզինք կը չափէր: Այսինքն արդար մօտեցում ունէր բոլորին նկատմամբ: Ըստ Սիմոն Վրացեանի, Զաւարեան այն ղեկավարն է, որ անսահման սէր ունէր մարդկութեան եւ մանաւանդ հայութեան նկատմամբ:

Ռոստոմ: Գործի մարդը, որ ոչ մէկ պարագայի առաջին շարքերուն մէջ կ՛երեւէր: Ռոստոմի համար յեղափոխութիւնը նախ գործ է, ապա միայն` գաղափար: Կամ աւելի ճիշդ` յեղափոխութիւնը գործ է գաղափարի համար: Գործի մարդը օժտուած էր մտաւորական բարձր յատկութիւններով, ուժեղ եւ յարատեւ կամքով, կազմակերպական յատկութիւններով:

Ռոստոմ, որ Քրիստափորէն եւ Զաւարեանէն աւելի ապրեցաւ, եղաւ մնայուն շարժումի մէջ: Անոր համար չկային կարեւոր եւ անկարեւոր գործեր: Կային միայն գործեր, որոնց վրայ, ինչպէս կը վկայէ Սիմոն Վրացեան, կը թափէր իր ուժն ու եռանդը:

ՀՅԴ երրորդութիւնը բնութագրելով` Սիմոն Վրացեան արդարօրէն կը գրէ: «Եթէ Քրիստափոր եղաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Միտքն ու Կամքը, Զաւարեան` անոր Սիրտն ու Խիղճը, Ռոստոմ եղաւ թէ՛ Միտք, թէ՛ Կամք, թէ՛ Խիղճ: Դաշնակցութիւնը ինքը` իր բովանդակ էութեամբ»:

Սիմոն Վրացեանի վկայութիւնները կարդալով` ակունքներու վերադարձը առաւել քան հրամայական կը դառնայ այսօր: Այս ալ իր կարգին:

                                                                            ԱՆՏՈՒՆ ՏՆԵՑԻՆ

Նախորդը

Հնաբոյր Խօսքերու Դաշտահանդէս Կամ «Մեղաւոր Է Դաշնակցութիւն» (132-Ամեակ) Դ.

Յաջորդը

2022-ի Մոնտիալ. Սատիօ Մանէ Պիտի Բացակայի Առաջին Մրցումներէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.