Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան Կ՛ամբաստանէ… Փաշինեանը

November 12, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ոեւէ մէկը անդրադարձա՞ւ (վստահաբար` այո՛), որ Հայաստանի վարչապետ կոչեցեալը` Նիկոլ Փաշինեան, հինգշաբթի, 10 նոյեմբերի կառավարական նիստին ճակատաբաց եւ յանդուգն մեղադրանքներ, ամբաստանութիւններ արձակեց… Նիկոլ Փաշինեանի դէմ:

Առաջին ակնարկով մարդիկ ունեցան այն տպաւորութիւնը, որ մարդուկին խելքը ի վերջոյ տուն եկած է, սկսած է տեսնել, թէ Ազրպէյճանը ինչպիսի՛ նպատակներ կը հետապնդէ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն ճամբով: Ու Փաշինեան գրեթէ բառացիօրէն հաստատեց ընդդիմադիրներուն, այսինքն խելամիտ մարդոց այն հաստատումները, որ Ալիեւի Ազրպէյճանը խաղաղասէր չէ, Ազրպէյճան դաւադիր խաղեր կը խաղայ, ՀՈՂ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԷ ՆՈՐ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՍԱՐՔԵԼՈՒ: Եթէ այս մեղադրանքներուն խորքը թափանցենք, Փաշինեան հաւասարապէս կ՛ամբաստանէր նաեւ Թուրքիան, որովհետեւ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ եզրը ի սկզբանէ մեղադրեալի աթոռին կը նստեցնէ Թուրքիան:

Կրկնենք` առաջին ակնարկով, այնպէս կ՛երեւի, թէ Փաշինեան յարած է ընդդիմադիրներուն իր բառամթերքով` «նախկիններ-թալանչիներ»-ու տեսակէտին, թէ Ազրպէյճանի յետին նպատակը խաղաղութիւն չէ, այլ` նոր ցեղասպանութիւն (պահ մը մոռնանք, որ այսպիսով ան ասֆալթին կը փռէ նաեւ Լիպարիտեանի նման թրքամիտ «խաղաղասէրներ»-ու վարկածները, թէ` Հայաստան թուրքերուն հետ խաղաղ ապրած է, Թուրքիա նոր ցեղասպանութիւն կամ հայութեան բնաջնջումը չի հետապնդեր, կրնանք դուռերը բանալ, պիզինես ընել եւ ուրախ-զուարթ ապրիլ, ինչպէս կ՛ըսեն հեքիաթներու աւարտին):

Սակայն… ո՜չ. չաճապարենք մարդուկին խելքի գալուն յոյս կապելու մէջ, քանզի նոյն ճառը բացայայտ դարձուց, որ խելքը տուն կանչելու հարց չկայ (եթէ ուզենք կատակել, կրնանք հարց դնել, որ խելք ունեցո՛ղն է, որ կրնայ յոյս ունենալ զայն տուն կանչելու մասին. իսկ մեր խօսքը քաղաքական մտածողութիւն, հեռատեսութիւն, շրջահայեացութիւն եւ նման արժանիքներ ճառագայթող խելքի մասին է): Փաստօրէն ան նուազագոյն նշոյլը ցոյց չտուաւ, թէ ի՛նչ կրնայ ընել հակադարձելու համար Ալիեւի ժխտողականութեան, օրինակի համար` յայտարարել, որ նման դիտաւորութիւններու ի տես եւ ի լուր (Ալիեւի վերջին սպառնալիքները եւ պահանջները տակաւին կ՛արձագանգեն Արցախէն մինչեւ Հայաստան եւ սփիւռքեան ափեր)` որոշած է բանակցութեան չնստիլ «արխատաշ»-ին հետ, մինչեւ որ ան բարեշրջում չբերէ իր վարմունքին մէջ, սկսելու համար` արտօնէ, որ վերջին յարձակումին պատճառով ինկած զոհերուն մարմինները դուրս բերուին բախումներու դաշտէն, որոնք կը մնան ազերիական ուժերու հսկողութեան տակ, այնպէս` ինչպէս Սեւանէն մինչեւ Տաւուշ ու Ջերմուկէն մինչեւ Սիւնիք կը մնան ազերիական ուժերու քմահաճոյքին ենթակայ-պատանդի վիճակի մէջ: Իսկ նահատակներու «ազատագրումը» միայն առաջին շօշափելի քայլ մը պիտի ըլլայ, որմէ ետք կայ երկար ճամբայ:

Կրկնենք. ազերիներէն նոր ցեղասպանութեան մը սպառնալիքին մասին Փաշինեանի տեղին եւ արդար ախտաճանաչումները, Ալիեւի ու հովանաւորին` Թուրքիոյ ուղղուած ամբաստանութիւններ չէին լոկ (ոեւէ հայ պիտի ձայնակցի այս ամբաստանութեանց), այլ` խոստովանութիւն, որ իր ուղին ձախողութիւններու շարք մըն էր: Եւ ինչպէս որ օր մը ան Ազգային ժողովի ամպիոնէն բառախաղեր ըրաւ ինքզինք մեղաւոր-պատասխանատու նկատելու-չնկատելու մասին, հիմա ալ, երբ բաց ճակատով կ՛ամբաստանէ ինքզինք, պէտք է կրէ պատասխանատուութեան բեռը:

***

Փաստօրէն ու մասնաւորապէս 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն եւ 9 նոյեմբերի տխահռչակ պայմանագիրին հրապարակումնէ ասդին, ի՞նչ է ընդդիմադիրներէն հնչող կրկնակի ահազանգը, որ` Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ նպատակներուն մէջ Հայաստան-Արցախի համար բարիք չենք կրնար տեսնել, այլ պարզապէս կը տեսնենք համաթուրանականութեան դարաւոր ծրագիրին մէկ նորագոյն փորձը, իսկ երբ կը խօսինք համաթուրանականութեան մասին, անոր կիրարկման ձեւերէն մի՛այն մէկը կը կոչուի ցեղասպանութիւն, միւսն է` Հայաստանի ի սպառ ջնջումը քարտէսէն, ո՛չ իսկ թրքական-ազերիական հովանիի տակ «Հայաստանիկ»-ի մը քաշքշումը:

Ինչո՞ւ պէտք էր սպասել, որ Ալիեւ մը, Ուշինկթընի մէջ հայ-ազերի-ամերիկեան բանակցութեան զուգահեռ, արձակէր իր նորագոյն սպառնալիքներն ու անհիմն մեղադրանքները (նման սպառնալիքներ եւ միակողմանի պահանջներ ամէն օր կը հնչեն): Արցախի մեծագոյն բաժինին խլումը, հայկական շէներու, կոթողներու, հերոսներու յուշարձաններու փճացումը բաւարար չէի՞ն «խելքը տուն կանչելու» համար. շուրջ 5 հազար զոհ, բազմահազար վիրաւորներ խլած դաժան պատերազմը, թշնամիին պատերազմական ոճիրները, Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկիչներու պատերազմի դաշտ նետուիլը բաւարար չէի՞ն աչքերը բանալու համար (դարձեալ կը խօսինք մտքի աչքերը բանալու մասին, ի՜նչ խօսք, որ ոմանք յամառօրէն ուխտած են կոյր մնալ): Սեւ լիճի շրջանէն, անկէ առաջ Սիւնիքէն պատառիկներ խլելները, իսկ մինչեւ վերջերս Հայաստանի սահմաններէն ներս կրկնակի յարձակումներն ու ոճրային արարքները ջուրի ձա՞յն էին «մենք խաղաղութեան հաւատարիմ պիտի մնանք» յանկերգողին աչքին ու ականջին: Եւ այս բոլորէն ետք, երբ բառացիօրէն դիմացի բանակցողդ կ՛ամբաստանես, որ ցեղասպանական դիտաւորութիւններ ունի, անկէ ետք ինչո՞ւ կը շարունակես համակիրդ, ամբողջ ժողովուրդդ եւ միջնորդներդ համոզել, որ` «ուխտադրուժ Ալիեւի» դիմաց պիտի շարունակես հետապնդել ցնորական խաղաղութիւնդ: (Չորքոտանիի մը երկու անգամ նոյն փոսը չիյնալու առածը ծանօթ է, իսկ ասդին` փոսերը տափարակ ճամբայ չեն ձգած): Փաստը այն է, որ Պրիւքսելէն, Ուաշինկթընէն, Անգարայէն եւ այլ ժամադրավայրերէ կրկին ու կրկին կը յիշեցնեն հայ-ազերիական բանակցութեանց յառաջիկայ ժամադրութիւնները` նոյեմբերի վերջերուն կամ մինչեւ տարեվերջ, (սահմանազատում, խաղաղութեան համաձայնագիրներու բանաձեւում) բոլորն ալ` ոչ հայանպաստ «տեսլականներով…»:

Սխալ չհասկցուինք. այս տողերը չեն նշանակեր, որ մենք,  կամ` իշխանութեան մօտեցումներ դատապարտողները, սիրահար ենք պատերազմի, խաղաղութիւն չենք ուզեր (ա՛յդ է, չէ՞, իշխանաւորներուն պատճառաբանութիւնները, ընդդիմադիրներուն հասցէին հնչեցուցած մեղադրական յանկերգները, որոնք այլեւս համ-հոտ-իմաստ կորսնցուցած են, նման` այս իշխանաւորներուն բոլոր համակիրներուն, անոնց հանդէպ կոյր պաշտամունքի մատնուածներուն իմաստակութիւններուն): Ընդգծենք նաեւ, որ չենք արհամարհեր Հայաստանի շուրջ եւ աշխարհի մօտակայ ու հեռաւոր շրջաններու մէջ ստեղծուած յորձանուտներուն ազդեցութիւնները, սակայն…

Սպասելի է, որ այս խոստովանութիւնն ու ինքնադատապարտումը հնչեցնող Փաշինեան եւ գործակիցներ ընեն «պատասխանատու ենք»-ին լրացուցիչ ինքնախարանումներ, ընդունին, որ քաղաքական, զինուորական, դիւանագիտական, նաեւ ազգային մշակոյթի, արժէքներու պահպանման, հաւատարմութեան, տակաւին, տնտեսական-ընկերային մարզերու մէջ իրենց համբակութիւնն ու կործանարար ընթացքն էին Հայաստանը այս վիճակին հասցնողը (անգամ մը եւս նշենք. «նախկիններ»-ը ա՛յլապէս մեղադրելի շատ բան ունին), թէ` առնուազն ահաւոր (ու արդէն յայտնի դարձած` սարքովի) պարտութենէն ուղիղ երկու տարի ետք երկիրն ու ազգը կը շարունակեն ազգը տանիլ անկումէ անկում, կը փորձեն ազգը նոր պառակտումի մատնել, խաբե՛լ, խաբե՛լ ու խաբե՜լ… Ինչպէ՞ս կարելի չէ համամիտ չըլլալ այն դիտողներուն, որոնք Փաշինեանի այս մեղադրանքներուն մէջ կը տեսնեն նոր լարախաղացութիւն, համակիրներ շահելու սնոտի փորձ:

Յաւելուած Մը. Առաջարկ

Այս սիւնակին մէջ արձանագրենք յաւելուած մը, որ անմիջականօրէն կապ չունի Փաշինեանի ինքնադատապարտումին հետ, սակայն նոյն ծառէն հեռու ինկած պտուղի մը մասին չենք խօսիր:

Մեր առաջարկը հետեւեալն է. Հայաստանի մէջ ԱՆՅԱՊԱՂ, վա՛ղն իսկ միաձայնութեամբ որդեգրել օրէնք մը, որ քրէական յանցանք պիտի նկատէ Արցախը Հայաստանէն անջատ տեսնողը, Արցախը երբեք Հայաստանին պատկանած չէ ըսողները, աւելի՛ն, պատմականօրէն  եւ անվիճելիօրէն Հայաստանի պատկանող շրջաններ (գիւղ, քաղաք, ճամբայ, «վիճելի կղզեակ»…) ազերիական անուններով յիշատակելը:

Չենք ուզեր մանրամասնել կամ յիշեցումներ կատարել, թէ մեր պահանջին հասցէատէր(եր)-ը ո՛վ է: Միայն շեշտենք, որ ՔՊ-ական պատգամաւորի մը` պատմութենէ, աշխարհագրութենէ եւ հայկականութենէ խապար չունեցող իմաստակի մը, նորագոյն մէկ բարբաջանքը նոր կարմիր գիծ մը կը գծէ հայութեան դիմաց, անոնց, որոնք գիտեն հայրենիքի արժէքն ու արժանիքները, հաւատարիմ են հայրենիքի պահպանումին:

Մեր առաջարկը չնաշխարհիկ գիւտ մը չէ, ո՛չ ալ` աննախընթաց միջոցառում: Մէկդի դնենք այլոց ցեղասպանութեան ենթարկուած ըլլալուն-չըլլալուն մասին վէճերն ու բազմաթիւ երկիրներու մէջ ժխտողները իբրեւ քրէական յանցագործ հետապնդելու մասին օրէնքները, խօսինք Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ընենք մէկ-երկու յիշեցում. Ֆրանսայի մէջ 2016-ին (100-ամեակէն տարի մը ետք) որդեգրուեցաւ օրէնք, որ քրէական յանցագործ կը նկատէ, հետեւաբար` պատժելի, Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողները (հետապնդուող ալ եղաւ): Այս օրերուն մեր մամուլը արձագանգ կ՛ըլլայ լուրերու, որ Գերմանիոյ մէջ եւս նման օրինագիծ մը քննարկման ենթակայ է: Եւ ասոնք առանձնակի պարագաներ չեն:

… Իսկ ասդին, Էրտողան եւ անոր խամաճիկը` Ալիեւ, Հայաստանի իշխանութիւններուն դիմաց պայման կը դնեն ո՛չ միայն վերջնականապէս հրաժարելու Արցախէն, այլ նաեւ` մոռնալու «անցեալի խնդրայարոյց հարցերը» (Ցեղասպանութիւնը ճանչցած բարեմի՜տ արեւմուտքցիներ ալ նման խրախոյսներ կ՛արձակեն), այսինքն` Ցեղասպանութիւնն ու Թուրքիոյ խլած հայկական հողերը: Նշաձողը որքա՞ն կարելի է իջեցնել…

Մէկ խօսքով, պէտք է վերջ տալ ամէն տեսակի լարախաղացութեան: Վերջ տալուն առաջին քայլը պիտի ըլլայ լարախաղաց հտպիտներուն քաղաքական բեմէն ու երկրի ղեկէն անյապաղ հեռացումը, որպէսզի ո՛չ միայն լուսաւորուին բոլոր հայերու, մասնաւորաբար այս իշխանաւորները «ժողովուրդի քուէով ընտրուած են» դաւանողներուն աչքերը, այլ նաեւ սկսի վերականգնումի չափազանց դժուարին, այսօր շատերու աչքին անկարելի թուացող երթը, բաժանուածութիւններու դարմանումը, ու ամէնէն կարեւորը` կարողականութեանց միացումը ի խնդիր հայրենիքին ու ազգին պահպանման:

10 նոյեմբեր 2022

 

Նախորդը

Աշնան Առաջին Անձրեւը

Յաջորդը

Միքայէլ Շումախըրի «Ֆեռարի»-ն Վաճառուեցաւ Մրցանշային… 14,8 Միլիոն Ամերիկեան Տոլարի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.