ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Օրհնաբանեցէ՛ք Տէրը, ո՜վ հրեշտակներ,
անոր հրամանները լսող եւ գործադրող հզօր էակներ:
Օրհնաբանեցէ՛ք Տէրը, դուք` որ անոր բանակն էք
եւ անոր կամքը կատարող պաշտօնեաները»:
(Սաղմոս 103:20-21)
Իբրեւ հողածին մարդ էակներ աստուածագիտութեան ու աստուածաճանաչողութեան մասին յաւելեալ իմացութիւն ունենալու եւ մեր միտքերը լուսաւորելու վերաբերող բազմաթիւ հարցեր կը խճողեն մեր ուղեղը: Այդ հարցերը կա՛մ մտովին մենք մեզի կ՛ուղղենք, կամ ալ կը բարձրաձայնենք եւ կ՛ուղղենք Աստուծոյ, հոգեւորականին, իրարու` յարմար պատասխան մը ստանալու ձգտումով: Սակայն կը մոռնանք, որ մեր կեանքին մէջ աստուածագիտութեան ամէն հարցում անպայման լայնածաւալ պատասխաններ չունին. մեր քրիստոնէական կրօնը հաւատքի վրայ հիմնուած է եւ ամէն ինչ Աստուծոյ կամքին համաձայն կ՛ընթանայ:
Ասոր լաւագոյն ապացոյցը կու տայ Աստուած` Աստուածաշունչին ճամբով: Ասոր առընթեր, քրիստոնեային կեանքին մէջ հրեշտակին գոյութիւնը առանձնակի դեր ունի: Անոնք երկնաբնակ «սպասաւորող հոգիներ են, որոնք սպասաւորութեան կը ղրկուին անոնց համար` որ փրկութիւն պիտի ժառանգեն» (Եբրայեցիս 1:14): Ուստի Աստուծոյ կամքի յայտնութեան եւ մարդոց պաշտպանութեան յոյժ կարեւոր առաքելութեան լծուած հրեշտակները մարդոց կը յայտնուին նաեւ աղօթքի եւ անարիւն պատարագի մատուցման ժամանակ, երբ «Սուրբ, սուրբ, սուրբ Տէր Զօրութեանց» շարականի երգեցողութեան ընթացքին կը շրջապատեն Ս. Սեղանը, իմա` խորանը: Որքա՜ն հոգեպարար է, երբ մայրեր ու հայրեր իրենց երեխաները մանուկ տարիքէն կ՛առաջնորդեն Աստուծոյ տաճար, որպէսզի անփորձանք կեանք մը ունենան Աստուծոյ հրեշտակներուն պաշտպանութեամբ:
Կեանքի արտասովոր երեւոյթի մը դէմ յանդիման գտնուեցանք, երբ քառասուն օրեր առաջ անակնկալ անհանգստութեան մը պատճառով հազիւ մէկուկէս տարիքը բոլորած փոքրիկն Մարիա Սաղտըճեանը ճանապարհորդեցինք երկինք: Ան միացաւ հրեշտակներու փաղանգին եւ այժմ սերովբէներուն եւ քերովբէներուն հետ Աստուած կը փառաբանէ:
Փոքրիկն Մարիան լոյս աշխարհ եկաւ 2021-ին Յակոբ եւ Յասմիկ Սաղտըճեաններու քրիստոնէական եւ հայկական տաքուկ բոյնին մէջ: Ան ամէն կիրակի օր, իր մօրը` Յասմիկին հետ, որ միաժամանակ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամ էր, մասնակցեցաւ հայ եկեղեցւոյ Ս. պատարագի խորհուրդին` անհամար օրհնութիւններ ստանալով Աստուծմէ:
Փոքրիկն Մարիան իր կարճատեւ կեանքին ընթացքին սէր, ժպիտ, գուրգուրանք եւ գորով սփռեց իր շրջապատին: Ան համակեց բոլոր զինք ճանչցողներուն սրտերը ուրախութեամբ, լաւատեսութեամբ` պահ մը մոռցնելով ներկայ աշխարհի հոգերով ու տագնապներով չարչրկող մարդոց միտքը, կոտտացող սրտերը: Ան իր փայլփլուն աչուկներով, ոսկեթել մազերով, բարի նայուածքով, յուսադրիչ ժպիտով, պտտիկ աղօթական թաթիկներով լուռ պատգամ տուաւ բոլորին` կեանքը կարճ է, անուշ է ու ժամանակաւոր, ուստի չ՛արժեր զիրար նեղացնել: Սէր, համերաշխութիւն, գուրգուրանք եւ ժպիտ. ասոնք են Մարիան յիշեցնող առաքինութիւնները:
Իր անժամանակ շիջումէն առաջ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի կողմէ կազմակերպուած տարեկան ուխտագնացութեան օրը դէպի Ժըզզինի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի ուխտավայր, ուշագրաւ էին Քրիստոսի խաչափայտին առջեւ իրար միացուցած անոր աղօթական ձեռքերը, կարծես մտովի կ՛աղօթէր բոլորին համար:
Մարիային անմեղունակ ու հրեշտականման ժպիտը դրոշմուած է բոլորին մտահորիզոնին մէջ: Այս ժպիտը մեզի յուշ է եւ պատգամ` չարտասուելու, չնեղուելու, չսգալու, այլ ուրախանալու, որ երկինքի մէջ լուսեղէն եւ գորովագութ հրեշտակ մը ունեցանք, յանձինս` Մարիա Սաղտըճեանի:
Մխիթարութիւն եւ ծով համբերութիւն յատկապէս ծնողքին` Յակոբ եւ Յասմիկ Սաղտըճեաններուն, իրենց ընտանեկան պարագաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք Մարիան գրկելու, սիրելու, համբուրելու բախտաւորութիւնն ու բերկրանքը ունեցան:
Թող փոքրիկ հրեշտակ Մարիային լուսապայծառ դէմքը եւ բարի ժպիտը դառնայ լուսատու փարոս մեր կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին:


