Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարելի՞ Է Սառոյցին Տակ Ապրիլ 6 Ամիս

November 12, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 

Անցեալ շաբաթ մենք ուղղուեցանք դէպի շատ ցուրտ շրջան մը: Այս շաբաթ մենք պիտի երթանք վայր մը, ուր շատ աւելի ցուրտ է, սառած ովկիանոսին տակ:

Ծովը մարդոց շատ յարմար միջավայրի մը չէ: Անոնք չեն կրնար շնչել ջուրին տակ, ո՛չ ալ տոկալ ջուրին ճնշումին: Սակայն գիտնականներ եւ հետազօտողներ կը փափաքին հոն ապրիլ: Կ՛ուզեն ժամանակ ունենալ այդ ընդծովեայ աշխարհը ուսումնասիրելու եւ դիտելու հոն պատահածը:

Նման արկածախնդրութիւն մը փորձող առաջին անձը եղաւ նաւապետ Քուսթօ, 1963 թուականին: Ֆրանսայի գիտնականը եւ իր խմբակը մէկ ամիս ապրեցան Կարմիր ծովուն խորը, Սուտանի ջուրերուն մէջ: Փրեքոնթինան` 2 փոքրիկ գիւղը զանոնք ընդունած էր ջուրի մակերեսէն 10 մեթր խորութեամբ: 60 տարիներ ետք ուրիշ ֆրանսացի մը` Ալպաս Միշօ, կ՛ուզէ կառուցել ջուրին տակը հաստատուած կեդրոն մը, սակայն այս անգամ Կարմիր ծովու ջուրերէն շատ աւելի պաղ, աւելի հիւսիսը գտնուող Արքթիքի մէջ:

Կարելի՞ Է Սառոյցին Տակ  Ապրիլ 6 Ամիս
Կարելի՞ Է Սառոյցին Տակ  Ապրիլ 6 Ամիս
Կարելի՞ Է Սառոյցին Տակ  Ապրիլ 6 Ամիս
Կարելի՞ Է Սառոյցին Տակ  Ապրիլ 6 Ամիս

Անոր կեդրոնը` Պայոտիսուս, պիտի ունենայ հաւկթաձեւ նաւու մը ձեւը եւ պիտի զետեղուի այդ սառցաջուրերուն մակերեսէն 10 մեթր խոր: Անիկա պիտի կարենայ ընդունիլ 4 գիտնականներ, կեդրոնին կեանքի պայմանները կարելիութիւն պիտի տան հետագային աստղանաւորդներուն հոն մարզուելու: Մակերեսին սառոյցին վրայի կեդրոնին անձնակազմը պիտի կարենայ շատ շուտ միջամտել հարց ստեղծուելու պարագային: Սակայն այժմ միակ հարցը, որ տակաւին չէ լուծուած, այս ծրագիրը իրագործելու անհրաժեշտ 14 միլիոն եւրօ հաւաքելն է:

Ինչո՞ւ Սառոյցին Տակ

Արքթիքի շրջանը կլիմայի փոփոխութիւններէն 4 անգամ աւելի արագ կ՛ազդուի, քան` մոլորակին մնացած շրջանները: Հետեւաբար շատ կարեւոր է ուսումնասիրել այդ փոփոխութիւններուն հետեւանքները բոյսերուն եւ նոյնիսկ ամէնէն մանր անասուններուն վրայ: Նոյն ժամանակ գիտնականները առիթը պիտի ունենան ուսումնասիրելու այդ շրջանին մէջ կերպընկալի ներկայութիւնը:

Գիտէի՞ր, Թէ…

 Էվերեսթի Մասին

– Երեք անգամ աւելի թթուածին կայ ծովու մակերեսի օդին մէջ, քան` Էվերեսթի գագաթին:

– 2005 թուականին զոյգ մը ամուսնացաւ Էվերեսթի գագաթին:

– Էվերեսթի գագաթը բարձրացող ամէնէն փոքր անձը 13 տարեկան էր:

– Էվերեսթ լեռը կազմող ժայռերը շատ հին ժամանակներուն կը գտնուէին ծովու մակերեսի մակարդակին:

– Եթէ Էվերեսթը ովկիանոսի ամէնէն խորունկ բաժինը մխրճէին, անոր գագաթը ջուրի մակերեսէն աւելի քան 1,6 քմ ցած պիտի ըլլար:

– Էվերեսթի վրայ նուազ քան  հինգ վայրկեանէն դէմքդ սառոյցէն «կը կրծուի»:

– Էվերեսթը մագլցող առաջին մարդիկը անուշեղէններ եւ շաքարեղէններ թաղեցին ձիւնին մէջ` իբրեւ նուէր պուտիսթ աստուածներուն:

– Էվերեսթի գագաթին հովին արագութիւնը կրնայ հասնիլ ժամական 282 քմ-ի. ասիկա աւելի զօրաւոր է, քան` 5 աստիճանի մրրիկ մը:

– Իր 8850 մեթր բարձրութեամբ, Էվերեսթը աւելի բարձր է, քան` իրարու վրայ դրուած 29 Էյֆել աշտարակներ:

Ամազոնի Մէջ` 25 Յարկանի
Շէնքի Մը Չափ Մեծ Ծառ Մը

Մասնագէտները զայն առաջին անգամ նկատած են 2019-ին, արբանեակներու կողմէ առնուած նկարներու մէջ: Նոյն տարին, խումբ մը գիտնականներ, բնապահպանութեան մասնագէտներ եւ տեղացի առաջնորդներ փորձեցին զայն գտնել: Սակայն անոնք ստիպուած եղան ետ դառնալ:

Այս անգամ անոնք յաջողեցան իրենց փնտռտուքին մէջ:

Բնութեան այս մասնագէտները նաւով կտրեցին 250 քմ եւ ապա քալելով 20 քմ ալ անցան վայրի անտառին լեռնային ճամբաները : Այս հսկայական ծառը կը գտնուի Ամազոնի վայրի անտառին կեդրոնը, Պրազիլի հիւսիսը: Անիկա կը պատկանի տենզիա Էքսելսա ծառերու ընտանիքին եւ շատ փնտռուած է փայտահատներուն կողմէ:

Ըստ անտառներու մասնագէտ Տիեկօ Արմանտօ Սիլվայի, այս ծառը աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ բաներէն մէկն էր:

Մասնագէտները նմուշներ առին ծառէն` ուսումնասիրելու եւ վերլուծելու համար, գիտնալու համար յատկապէս ծառին տարիքը: Ըստ Սիլվայի, այդ շրջանի հսկայական ծառերը կրնան մինչեւ 400 հազար թոն կշռել. այս ծանրութեան մօտաւորապէս կէսը բաղկացած է մթնոլորտէն կլանուած բնածուխէն:

Դժբախտաբար վերջին երեք տարիներուն անտառներով ծածկուած տարածքներուն տարեկան փճացումը 75 առ հարիւր աւելցած է` բաղդատաբար նախորդ տասը տարիներուն:

Սեպտեմբեր ամսուն 1455 քառ. քմ. անտառածածկ տարածքներ անհետացած են, մրցանիշ մը` տարուան այս ամսուան համար, ըստ պետական տուեալներուն: Այս կշռոյթով 2022 տարին կրնայ նոր մրցանիշ մը արձանագրել…

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել վարի թիւերուն տախտակին մէջ համապատասխանող տեղերը:

 

 

Նախորդը

Հ.Յ.Դ.-ի Եր­կա­րա­կե­ցու­թեան Գաղտ­նի­քը

Յաջորդը

Ժպտադէմ Փոքրիկ Մարիան Դարձաւ Լուսաճաճանչ Հրեշտակ Մը (Փոքրիկն Մարիա Սաղտըճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.