Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 10-րդ Խորհրդաժողովի Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւնը

November 11, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 10 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Զալքայի «Ուորուիք Սթոն 55» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 10-րդ խորհրդաժողովի պաշտօնական բացումը` ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, հոգեւոր առաջնորդներու,  պաշտօնական հիւրերու, ՀՄԸՄ-ի ներկայ եւ նախկին Կեդրոնական վարչութիւններու անդամներու եւ խորհրդաժողովին մասնակից` 22 շրջաններու ներկայացուցիչներու:

Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ծովակ Թազեան-Թիւթէլեան: Հիւրընկալ շրջանի` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Հայկ Թապագեան: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատգամը ուղղեց ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, իսկ փակման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Կիրարկուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր եւ ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի 104 տարիներու երթը ներկայացնող յատուկ տեսանիւթ:

Յայտնենք, որ խորհրդաժողովը իր աշխատանքներուն կը սկսի այսօր առաւօտեան եւ նիստերը կը շարունակէ մինչեւ վաղը երեկոյ: Այսօր, խորհրդաժողովի մասնակիցները «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ ընթրիքի հիւրը կ’ըլլան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին, վաղը երեկոյեան կը մասնակցին ՀՄԸՄ-ի 104-ամեակի ճաշկերոյթին, իսկ կիրակի օր ներկայ կը գտնուին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ նահատակ եւ ննջեցեալ ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին կատարուելիք հոգեհանգստեան արարողութեան, որմէ ետք անոնք իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցեն Եղեռնի նահատակաց Անթիլիասի յուշարձան-մատրան առջեւ: Ապա անոնք կը ստանան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութիւնները:

Այնուհետեւ, խորհրդաժողովին մասնակիցները ներկայ կը գտնուին Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակներու եւ ննջեցեալներու յիշատակին կատարուած հոգեհանգիստին:

 

Նախորդը

Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարը Ըսած Է, Որ Կրնան Իրանը Հարուածել

Յաջորդը

Ընկերվար Յառաջդիմականներու Մամլոյ Գրասենեակ. «Քաուաշրայի Մէջ Յուշակոթողի Մը Կանգնեցումը Կը Գրգռէ Լիբանանցիներու Հիմնական Մէկ Հատուածին` Հայերու Զայրոյթը»

RelatedPosts

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.