Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանը Եւ Ռուսիան Քննարկած Են Արեւմտեան Գաղտնի Սպասարկութիւններու Կողմէ Երկու Երկիրներու Ներքին Գործերուն Միջամտութեան Հարցը

November 11, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի եւ Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ Թեհրանի մէջ քննարկումներ կատարած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Օրակարգի վրայ այլ նիւթերու կողքին եղած է «երկու երկիրներու ներքին գործերուն արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւններու միջամտութեան» հարցը:

Փաթրուշեւ եւ Շամխանի համաձայնած են պատժամիջոցներու ճնշման պայմաններուն մէջ աշխուժացնել արտաքին առեւտրական կապերը եւ փորձառութեան փոխանակում կատարել տնտեսական կարողութիւններու զարգացման ոլորտին մէջ:

Երկու պաշտօնատարները նաեւ քննարկած են շարք մը միջազգային նիւթեր, որոնց շարքին` Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած կացութիւնը:

Բացի ատկէ, Շամխանի եւ Փաթրուշեւ քննարկած են ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան դէմ միասնաբար պայքարելու կարելիութիւնը:

Արեւմտեան երկիրները Թեհրանը կը մեղադրեն Մոսկուային զէնք տրամադրելու յանցանքով` պնդելով, որ ատիկա կ՛օգտագործուի Ուքրանիոյ մէջ:

Իրան երկար ժամանակ հերքած է այդ մեղադրանքը, սակայն վերջերս Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան ընդունեց, որ իր երկիրը Ուքրանիոյ պատերազմէն առաջ անօդաչու թռչող սարքերու մեծ քանակ տրամադրած է Ռուսիոյ:

Նախորդը

Փութին Առցանց Պիտի Մասնակցի Պալիի Մէջ «Քսաննեու Խմբակ»-ի Վեհաժողովին

Յաջորդը

Խօսելով Տնեփրի Աջ Ափէն Ռուսական Բանակի Նահանջի Մասին` «Մոսկուան Իր Բանակին Հետ Իրական Խնդիրներ Ունի» Կ՛ըսէ Պայտըն

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.