Գերմանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխի ղեկավարութիւնը մտադիր է երկարաձգել Գերմանիոյ ազգային խումբի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըրի հետ գործող պայմանագրութիւնը:
Ակումբի թեքնիք տնօրէն Հասան Սալիհամիծիչ յայտնեց, որ ակումբը 2-3 տարի յոյսեր կապած է իր բերդապահին հետ, որուն գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2024-ի ամառ:
36 տարեկան Նէօյըր, որ 2011-ին միացաւ Պայէրն Միւնիխին, այս տարեշրջանին իր կազմին հետ 15 մրցումի ընթացքին իր բերդին մէջ ստացած է 14 կոլ:


