Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետերը 10 նոյեմբերին տեսաժողովի ձեւաչափով պիտի քննարկեն զինուորական համագործակցութեան հարցերը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին 8 նոյեմբերին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է ՀԱՊԿ-ի Միացեալ սպայակոյտի մամլոյ քարտուղար Վլատիսլաւ Շչեկրիքովիչ:
«Ռուսիոյ զինեալ ուժերու զինուորական կոմիտէի նախագահ, սպայակոյտի պետ-Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, բանակի զօրավար Վալերի Կերասիմովի ղեկավարութեամբ նիստին պիտի մասնակցին Հայաստանի Հանրապետութեան, Պիելոռուսիոյ Հանրապետութեան, Ղազախստանի Հանրապետութեան, Խըրխըզիստանի Հանրապետութեան, Տաճիկիստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետերը, ՀԱՊԿ-ի Միացեալ սպայակոյտի պետ գնդապետ-զօրավար Անաթոլի Սիտորովը, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Թախիր Խայրուլոյեւը», յայտարարած է Շչեկրիքովիչ:
ՀԱՊԿ-ի Միացեալ սպայակոյտի մամլոյ քարտուղարը աւելցուցած է, որ կողմերը պիտի քննարկեն «ՀԱՊԿ-ի հաւաքական անվտանգութեան շրջաններուն մէջ զինուորական անվտանգութեան մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները եւ անոնց հակազդման միջոցները, ՀԱՊԿ-ի խաղաղարար ներուժի զարգացումը, ներառեալ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործունէութեան միանալու առումով, ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու պետական (ռազմական) օդուժի միջազգային թռիչքներու կազմակերպման եւ ապահովման կատարելագործումը, շարք մը այլ հրատապ հարցեր»:


